Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Լանսը, անոր դէմ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այսպիսով, այս յաղթանակը սպանացի մարզիչ Լուիս Էնրիքէի կազմին համար հանդիսացաւ տարեշրջանի առաջինը` յաջորդական երկու հաւասարութենէ ետք:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ, որ տարեշրջանի առաջին մրցումին նկատի չէր առնուած իր մարզիչին կողմէ, մինչ երկրորդին դաշտ ներկայացած էր 51-րդ վայրկեանին, առաջին անգամ ըլլալով դաշտ ներկայացաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ:
Մարքօ Ասենսիոյի նշանակած կոլէն ետք (45-րդ), Էմպափէ Բ. կիսախաղին տուպլէ մը իրագործեց (52-րդ եւ 90+1-րդ):
Նշենք, որ յաջորդաբար առաջին եւ երկրորդ դիրքերը կը գրաւեն Մոնաքօ եւ Մարսէյ, որոնք ապահոված են 7-ական կէտ:


