Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը կազմակերպելու թղթածրարը:
Միքաթիի այցելեց Փտածութեան դէմ պայքարելու ազգային խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Քլոտ Քարամը, որ յայտնեց, թէ Միքաթիի յանձնած է խորհուրդին պատրաստած տարեկան առաջին տեղեկագիրը:
Քարամ նշեց նաեւ, որ քննարկուած են խորհուրդի աշխատանքներուն վերաբերող շարք մը հարցեր եւ ապագայ ծրագիրներ:
Քլոտ Քարամ նկատել տուաւ, որ խորհուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնած է Միքաթիին եւ անոր կառավարութեան ցուցաբերած զօրակցութեան համար:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ Նախկին պետական պաշտօնեաներու ազգային խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Անթուան Ժըպրան, Սելիմ Մաքսուր եւ Նազիհ Ռաատ:
Քննարկուեցան խորհուրդին վերաբերող պահանջները:
Միքաթիի այցելեցին նաեւ երեսփոխաններ Ահմետ Խէյր եւ Հատի Հպէյշ, Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքու, ինչպէս նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Մուրթատա:


