Կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, անծանօթներ մուտք գործեցին Ժիէի Մար Ժըրժոս եկեղեցին, ուր անոնք քանդեցին կարգ մը փոքր արձաններ:
Ապահովութեան ուժերը անմիջապէս ուղղուեցան դէպքին վայրը եւ անոր շուրջ բացին հետաքննութիւն:
Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ անծանօթները եկեղեցի մուտք գործած են գողութեան նպատակով:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ Ժիէն պիտի մնայ ծովեզերեայ Շուֆի հարսը, ազգային համերաշխութեան, խաղաղութեան եւ սիրոյ շրջանը, որուն գիտակից բնակիչներուն եւ հեղինակութիւններուն շնորհիւ օտար մութ ձեռքեր պիտի չկարենան հասնիլ անոր, ինչպէս որ յանդգնած էին եւ պղծած անոր եկեղեցին:
Ապտալլա խստիւ դատապարտեց գործուած երկչոտ արարքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ժիէի քաղաքապետութեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերուն եւ ապահովութեան ուժերուն, որոնք արագ կերպով շարժեցան` բացայայտելու համար յանցագործները:
Իր կարգին, Ժիէի քաղաքապետութիւնը խստիւ դատապարտեց գործուած արարքը` հաստատելով, որ Ժիէի բոլոր բնակիչները կը դատապարտեն զայն:
«Ժիէի բնակիչները յանձնառու կը մնան քաղաքին ազգային համերաշխութեան ու համակեցութեան հանդէպ եւ կը յարգեն անոր բազմազանութիւնը», կը նշէ քաղաքապետութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը` շեշտելով երկրին քաղաքական բոլոր ուժերուն գործակցութիւնը եւ մերժելով շրջանին մէջ հրահրուելիք ամէն տեսակի սադրանք:
Ժիէի քաղաքապետութիւնը կոչ ուղղեց բոլորին միասնաբար գործելու` պաշտպանելու եւ ամրապնդելու համար քաղաքացիական, համայնքային եւ յարանուանական անվտանգութիւնը:
Ժիէի քաղաքապետի գործակատար Ուիսամ Հաժ կիրակի ուշ գիշերին ուղղուեցաւ եկեղեցի եւ ստուգեց գործուած արարքները: Ան քրիստոնեայ հեղինակութիւններուն եւ Ժիէի Մար Շարպել վանքի վանահայր Շարպել Քազզիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ` դատապարտելով եկեղեցին պղծելու արարքը:
Ան կապուեցաւ նաեւ ապահովութեան ուժերուն եւ անոնցմէ պահանջեց բացայայտել յանցագործները, որոնք կը ջանան խանգարել Ժիէի ապահովական կայունութիւնը:


