Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութիւնն ու խումբին 24 տարեկան յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ նոր բանակցութիւններու սկսան պայմանագիրի երկարաձգման գծով, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը:
Կողմերը ունին նախնական համաձայնութիւն, ըստ որուն, Էմպափէ ոչ մէկ դէպքի պարագային անվճար պիտի հեռանայ մայրաքաղաքի կազմէն:
Նշուեցաւ, որ նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ յունիս 2025, զայն երկարաձգելու կարելիութեամբ:
Ֆրանսայի ախոյեանը պարտաւոր է 2024-ի ամրան ընթացքին ընդունիլ անոր այլ ակումբի մը փոխանցման առաջարկները եւ չարգիլել անոր հեռացումը:


