26 օգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը հանդիպած է հանրապետութեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի Ազգային ժողովը:
Խորհրդարանի ղեկավարը ներկայացուցած է պաշտօնավարման 20-օրեայ գործունէութիւնը, անդրադարձած է արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն:
«Երկրին մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակի մեղմացման ուղղուած ջանքերուն զուգահեռ աշխատանքներ տարուած են խորհրդարանական դիւանագիտութեան աշխուժացման, Հայաստանի հետ միջխորհրդարանական կապերու վերագործարկման, բարեկամական խումբերու եւ շրջանակներու հետ աշխուժ շփումներու վերականգնման ուղղութեամբ: Խօսելով մեր ներուժը ըստ կարելւոյն արդիւնաւէտ օգտագործելու անհրաժեշտութեան մասին: Ազգային ժողովի նախագահը նշած է, որ քննարկուած է արտերկրի մէջ գտնուող մեր ներկայացուցչութիւններու աշխատանքները աշխուժացնելու հարցը: Ան շեշտած է համահայկական ջանքերը միաւորելու հրամայականը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Կը նշուի, որ Դաւիթ Իշխանեանը հանդիպումներ ու քննարկումներ ունեցած է նաեւ պետական կառավարման համակարգի ու հասարակական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
«Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է ներքաղաքական իրավիճակին, խորհրդարանի հեղինակութեան բարձրացման, տեղեկատուական դաշտի խնդիրներուն: Ազատ ու անկեղծ մթնոլորտի մէջ լրագրողները իրենց կարծիքները արտայայտած են եւ հարցումներ ուղղած խորհրդարանի ղեկավարին», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:


