Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ընդունած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերը: Այս մասին հաղորդած են ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Ալիեւ Եաշար Կիւլերի Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին նշանակումը գնահատած է իբրեւ «Թուրքիոյ նախագահի մեծ վստահութիւն» եւ «անոր յաջողութիւն մաղթած իր պարտականութիւններու կատարման գործին մէջ»:
Եաշար Կիւլեր ընդգծած է. «Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հեռատեսութեան եւ վճռականութեան շնորհիւ Ազրպէյճանը դարձած է միջազգային ընտանիքի կարեւոր եւ հեղինակաւոր անդամ, ինչ որ հպարտութեան մեծ զգացում կը յառաջացնէ»:
Նախարարը ըսած է, որ «երկու երկիրներու ղեկավարներուն սերտ յարաբերութիւններն ու հաղորդակցութիւնները շատ դրական կ՛ազդեն» երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման վրայ:
Ան մատնանշած է «ազրպէյճանցի գործընկերներու հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը»:


