Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարթայի մէջ երէկ սկսաւ ՖԻՊԱ-ի աշխարհի պասքեթպոլի 19-րդ ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան յայտագիրին վրայ եղող առաջին օրուան Ա. հանգրուանի մրցումները:
Ինչպէս ծանօթ է, այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը:
Մարզիչ Ժատ Հաժի գլխաւորած կազմը` Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Ը. խմբակին, մրցաշարքը սկսաւ պարտութեամբ, երբ 39 կէտի տարբերութեամբ` 109-70 արդիւնքով տեղի տուաւ Լաթվիոյ դիմաց:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սերճիօ Տարուիշ (19), մինչ անոր ետին յաջորդաբար 18 եւ 14 կէտ նշանակեցին Ումարի Ռասըլ Սփիլմըն եւ Ուաէլ Արաքժի:


