Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Ճորճիայի Մէջ Ներկայացած Է Ոստիկանատուն, Սակայն 20 Վայրկեան Ետք Լքած Է Բանտը

August 26, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ հինգշաբթի հասած է Ճորճիայի Ֆոլթըն շրջանի ոստիկանատուն` յանձնուելու իշխանութիւններուն եւ ընտրութիւններուն միջամտելու համար կալանաւորման պաշտօնական հոլովոյթէն անցնելու:

Թրամփի` 10 մեքենաներէ բաղկացած շարասիւնը բանտ հասած է տեղական ժամանակացոյցով ժամը 19:34-ին` Աթլանթայի օդակայանին մէջ էջք կատարելէ կէս ժամ ետք: Բանտին մէջ զինք պէտք է խուզարկէին, լուսանկարէին եւ վերցնէին մատնահետքերը: Նախապէս փաստաբանները կրցած են դատախազին հետ համաձայնիլ 200 հազար տոլար գրաւի դիմաց զինք ազատ արձակելու պայմաններուն շուրջ:

Ֆալթըն շրջանի ոստիկանութիւն հասնելէ ետք Թրամփ պաշտօնապէս կալանաւորուած է: Անոր անձնական տուեալները` անունը, տարիքը, բնակութեան հասցէն, արտաքին նկարագրութիւնն ու մեղադրական յօդուածները հրապարակուած են նշեալ շրջանի բանտի պաշտօնական կայքին վրայ, ան դարձած է թիւ «Փի.Օ.1135809» բանտարկեալը: Սակայն, Թրամփի ժամանումէն որոշ ժամանակ ետք «Սի.Էն.Էն.» հաղորդած է, որ ան լքած է բանտը` այդտեղ մնալով շուրջ 20 վայրկեան, անկէ ետք անոր ինքնաշարժներու շարասիւնը կրկին ուղղուած է Աթլանթայի օդակայան:

Թրամփ, որ կը մեղադրուի 2020 թուականին Ճորճիայի մէջ նախագահական ընտրութեան արդիւնքները անօրինական ճամբով փոխելու փորձի համար, իշխանութիւններուն յանձնուած է դատախազութեան կողմէ սահմանուած վերջնաժամկէտէն` 25 օգոստոսի կէսօրէն միայն ժամեր առաջ:

Յիշեցնենք, որ նախապէս հաղորդուած էր, որ Սպիտակ տան նախկին ղեկավարը պէտք է ոստիկանութեան յանձնուի մինչեւ 25 օգոստոս, սակայն, հաւանաբար, պիտի կարենայ խուսափիլ խափանման միջոցի վերաբերեալ լսումներուն իր անձնական ներկայութենէն: Այդ լսումները տեղի պիտի ունենան անոր պաշտօնական ձերբակալութենէն ետք:

Ընդհանուր առմամբ` Թրամփի դէմ 4 քրէական գործ յարուցուած է: Անոր դէմ բոլոր գործերով 91 մեղադրանք առաջադրուած է: Բացի Ճորճիայի մէջ ընտրական խախտումներու գործէն, Թրամփի նկատմամբ գործեր յարուցուած են գաղտնի փաստաթուղթերու ապօրինի օգտագործման, ընտրակեղծիքներու փորձի եւ նախագահական արշաւի համար հաւաքուած միջոցներու իւրացման վերաբերեալ:

 

Նախորդը

Էրտողան-Փութին Հանդիպում Կը Նախատեսուի Սոչիի Մէջ Հաւանաբար 4 Սեպտեմբերին

Յաջորդը

Ըստ Ամերիկեան Լրատուամիջոցներու. Փրիկոժինի Օդանաւին Մէջ, Ամենայն Հաւանականութեամբ, Պայթում Տեղի Ունեցած Է

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.