Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Կ՛օգտագործէ Կարմիր Մահիկի Ընկերութիւնը Եւ Կը Փորձէ Խոչընդոտել Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Արցախին Օգնութիւնը

August 26, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի Կարմիր մահիկի ընկերութիւնը կը խախտէ Կարմիր խաչի եւ Կարմիր մահիկի միջազգային շարժման հիմնարար սկզբունքները: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Հայկական կարմիր խաչի ընկերութիւնը` արձագանգելով 22 օգոստոսին Ազրպէյճանի Կարմիր մահիկի ընկերութեան յայտարարութեան:

«Կարմիր մահիկի ընկերութիւնը կը խախտէ նախ եւ առաջ չէզոքութեան սկզբունքը եւ կը ներգրաւուի քաղաքական հոլովոյթի մէջ` բարձրաձայնելով իր կառավարութեան դիրքորոշումը` փակ պահելու Լաչինի միջանցքը (ներառեալ, այսպէս կոչուած, այլընտրանքային ուղիներ առաջարկելու միջոցով):

«Ազրպէյճանի Կարմիր մահիկին քաղաքական հոլովոյթներու մէջ ներքաշումը կը հակասէ Կարմիր խաչի միջազգային շարժման հիմնարար սկզբունքներուն, վերջինս չունի քաղաքական յայտարարութիւններ կատարելու եւ քաղաքական օրակարգին ծառայելու լիազօրութիւն:

«Ասիկա կոպիտ խախտում է եւ համահունչ չէ շարժման սկզբունքներուն ու արժէքներուն, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օրակարգին:

«Ներկայ պահուն Ազրպէյճանը, նաեւ օգտագործելով Կարմիր մահիկի ընկերութիւնը,  կը փորձէ խոչընդոտել Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի` իբրեւ միակ մարդասիրական միջազգային կազմակերպութեան գործունէութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Ատոր վառ վկայութիւնն է Վագիֆ Խաչատրեանի առեւանգումը անցակէտի վրայ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին ուղեկցութեամբ Հայաստան` վիրահատութեան նպատակով տեղափոխուելու ճամբուն վրայ: Վերջինս առեւանգուեցաւ, երբ կը գտնուէր միջազգային մարդասիրական օրէնքի պաշտպանութեան տակ:

«26 յուլիս 2023-էն Հայաստանէն ուղարկուած մարդասիրական բեռը կանգնած է Հակարի կամուրջին մօտ: Ազրպէյճանի Կարմիր մահիկը կրնար օգտագործել իր «մարդասիրական ներուժը»` համոզելու Լաչինի միջանցքը փակած եւ մարդասիրական աղէտ յառաջացուցած կողմին բանալու զայն` յարգելով մարդասիրական սկզբունքները», նշուած է Հայկական Կարմիր խաչի յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ կը յիշեցուի, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն 25 յուլիսի իր յայտարարութեամբ միջազգային ընտանիքին ուշադրութեան հրաւիրած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ահագնացող մարդասիրական կացութիւնը, ինչ որ ներկայացուած է նաեւ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ՄԱԿ-ի Մարդասիրական հարցերու համակարգման գրասենեակի (Օ.Սի.Էյչ.Էյ.) ներկայացուցիչին կողմէ:

«Այսպիսով, աւելի քան հրատապ կը դառնայ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 փետրուար եւ 6 յուլիս 2023-ի որոշումներուն անյապաղ իրականացումը:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք Կարմիր խաչի միջազգային շարժման բաղկացուցիչներուն` Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին, Կարմիր խաչի եւ Կարմիր մահիկի ընկերութիւններու միջազգային դաշնակցութեան եւ Ազրպէյճանի Կարմիր մահիկի ընկերութեան անշեղօրէն հետեւելու եւ հաւատարիմ մնալու շարժման սկզբունքներուն` տանելու իրենց լիազօրութիւններու ծիրին մէջ փոխլրացնող դերը` ի նպաստ մարդասիրական առաքելութեան արդիւնաւէտ իրականացման»:

 

Նախորդը

Քրիվոփուսքովին Չեն Արտօնած Հայաստան Մուտք Գործել, Ան Յայտնուած Է Անցանկալի Անձերու Ցուցակին Վրայ

Յաջորդը

Քասփրչիք Այցելեց Կոռնիձորի Սահմանային Հատուած

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.