Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ
արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ Նիւ Եորքի մէջ ներկայ գտնուեցաւ ՄԱԿ-ի հանդիպումներուն, որոնք կը միտին մեղմացնել հարաւային Լիբանանի մէջ լարուածութիւնները եւ պահպանել հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
Հանդիպումներուն ընթացքին Պու Հապիպ եւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Ճափոնի, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու դեսպաններուն ներկայացուցած են Լիբանանի տեսակէտը եւ հարաւի մէջ կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Պու Հապիպ հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը հիմնուած է մէկ կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն, լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ հարաւի բնակիչներուն միջեւ լաւ յարաբերութեան վրայ, իսկ միւս կողմէ` ցամաքային սահմաններու ճշդումին վրայ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ՄԱԿ-ի այս հանդիպումները տեղի ունեցած են օգոստոսի աւարտին տեղի ունենալիք Ապահովութեան խորհուրդի նիստէն առաջ: Նշենք, որ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը պիտի երկարաձգուի:


