Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել կոչ ուղղած է շուտափոյթ երկխօսութեան սկսելու Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն միջեւ, ներառեալ Բերձորի միջանցքի ապաշրջափակման շուրջ: «ԵուրէյժաՏէյլի»-ն, յղում կատարելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին, կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Պրիւքսելի մէջ եւրոպական աղբիւրը:
«Նախագահ Միշելը ազրպէյճանական կողմին հետ խօսած է Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման հրատապ անհրաժեշտութեան մասին` համաձայն Արդարադատութեան միջազգային դատարանի (ՄԱԿ) համապատասխան որոշումին եւ հետագայ մագլցումը կանխարգիլելու նպատակով… Միշել կոչ կ՛ուղղէ, որ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան համար հանդիպումը տեղի ունենայ որքան կարելի է շուտ», ըսած են Պրիւքսելի մէջ:
Աղբիւրին համաձայն, Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարը նաեւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` խուսափելու Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական հասանելիութեան հարցը քաղաքականացնելէ:
Բացի ատկէ, կը նշուի, որ Շարլ Միշելն ու Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը մնայուն կապի մէջ են Երեւանի, Պաքուի եւ Ստեփանակերտի ներկայացուցիչներու հետ «կացութեան հանգուցալուծման տարբերակները քննարկելու համար»:


