Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարտինալ Աղաճանեանի Բարերարութեամբ Կառուցուած Դպրեվանքի 60-Ամեայ Յոբելեանի Հանդիսութիւն

August 24, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻՐԱՑՈՒ ՆՇԱՆ ՀԱՆՆԷՇԵԱՆ

Հինգշաբթի, 17 օգոստոս 2023-ի, երեկոյեան ժամը 6:30-ին Զմմառու մայրավանքի Փոխման Սուրբ Կուսին մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի կարտինալ Աղաճանեանի կողմէ կառուցուած դպրեվանքի 60-ամեայ յոբելեանին նուիրուած հանդիսութիւն` հովանաւորութեամբ հայ կաթողիկէ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, նախաձեռնութեամբ  Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անուան դպրեվանքի տեսչութե-ան, կազմակերպութեամբ համանուն կրթօճախի ժառանգաւորներուն, ներկայութեամբ Զմմառու պատրիարքական կղերի, ընտրական ժողովի մասնակցած միաբաններուն:

Յոբելենական երեկոն ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ընծայարանի քայլերգներով:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հաղորդավար տիրացու Նշան Հաննէշեան, ան ողջունեց ներկաները եւ անդրա-դարձաւ հանդիսութեան նպատակին:

Գեղարուեստական յայտագիրով, ի պատիւ Տանն Կիլիկիոյ հայրապետ Աղաճանեանի եւ բոլոր հայրապետներու «Կիլի-կիա» մաղթերգը հնչեցուցին ժառանգաւորները, Աղաճանեանի կեանքէն դրուագներ ներկայացուեցան տեսերիզով մը, Աղաճանեանի թեւաւոր խօսքերէն ընթերցեց տիրացու Էտի Շահպազեան, կարդինալ Աղաճանեանին` մտքով դէպի իր հայրենի բնօրրան Ջաւախք աշխարհ փոխադրող «Իմ լեռներ-լեռներ» ստեղծագործութեան երգեցողու-թիւնը կատարեցին սաները:

Օրուան բանախօս Յովիկ Գոյունեան նախ հակիրճ ձեւով ներկայացուց կարդինալ Աղաճանեանի երանացման դատի գոր-ծընթացի ուղին, ապա յետադարձ ակնարկ մը  նետեց դպրեվանքի պատմականին ու ներկայ կառոյցի 60-ամեայ յոբելե-անին վրայ:

Ապա Աբրահամ Իսահակեան մեկնաբանեց Աղաճանեանի համահայրենակից, Ջաւախք աշխարհի ծնունդ, 20-րդ դարու ամենամեծ աշուղ-փիլիսոփայ Ջիւանիի «Քանքարաւոր ընկեր»-ը:

Կարդինալ Աղաճանեանի հոգեհարազատ Վահան Տէրեանի «Մի՛ խառնէք մեզ, ձեր վայրի արջի ցեղերին» ստեղծագոր-ծութիւնը ասմունքեց տիրացու Սահակ Պօղոսեան:

Դպրեվանքի տեսուչ Գրիգոր վրդ. Պատիշահ իր խօսքը կառուցեց Աղաճանեանի դպրեվանաշինութեան սրբազան առա-քելութեան եւ անոր բարգաւաճման համար ծաւալած աշխատանքին շուրջ: Ապա  նշեց անցնող տարիներուն այդ կառոյ-ցէն շրջանաւարտ եղած հոյլ մը մտաւորական հոգեւորականներու եւ աշխարհիկներու ունեցած աւանդը` ի փառս հայ ազգի եւ ի ծաղկումն հայ եկեղեցւոյ:

Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ թ.ծ. վրդ. Մուրատեան նորընծաներն ու ժառանգաւորները յորդորեց հաստատ մնալ իրենց կո-չումին մէջ եւ յարատեւ աղօթել, քանզի աղօթքն է, որ կը հեռացնէ սատանան մեզմէ եւ կը մօտեցնէ Աստուծոյ:

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքին «Պահպանիչ»-ով աւարտեցաւ յոբելենական հանդիսութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Ապահովութեան Խորհուրդին Դասերը

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.