Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն երկրորդ անգամ ըլլալով առաջարկ մը ներկայացուց գերմանական Այնթրախթ Ֆրանքֆորթին` իր կազմին միացնելու համար 24 տարեկան ֆրանսացի յառաջապահ Ռանտալ Քոլօ Մուանին:
Ֆրանսական մարզական մամուլը հաղորդեց, որ անոր փոխանցման համար մայրաքաղաքի կազմը պատրաստ է վճարելու 70 միլիոն եւրօ:
Նախկին առաջարկը 65 միլիոն եւրօ էր, որ սակայն մերժուած էր գերմանական ակումբին կողմէ:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, նախորդ ամրան ընթացքին իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ Նանթէն հեռացած Մուանիի ստորագրութիւնը տալու համար ֆրանքֆորթեան ակումբը կը պահանջէ 80-90 միլիոն եւրօ:


