ՄԱՀԱԶԴ
«Վանայ Ձայն»-ը կը գուժէ իր անձնակազմի նախկին անդամներէն`
ԱՒՕ ԶԱՐՄԷՆԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 20 օգոստոս 2023-ին, արկածի հետեւանքով:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Նաթալի Զարմէնեան եւ զաւակները` Փաթիլ եւ Վահագն
Տէր եւ տիկին Սեզար եւ Սեդա Զարմէնեան եւ զաւակները Սարին եւ Սեւակ
Տիկին Անահիտ Աճէմեան
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Գարմէն Աճէմեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Օհաննէս եւ Սոնա Թոփալեան
Զարմէնեան եւ Գոլանճեան ընտանիքներ
Կրպոյեան եւ Պարսումեան ընտանիքներ
Թաշճեան եւ Թոփճեան ընտանիքներ
Թոփալեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, փեսային, քեռայրին եւ հարազատին`
ԱՒԵՏԻՍ (ԱՒՕ) ԶԱՐՄԷՆԵԱՆԻ
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 20 օգոստոս 2023-ին, արկածի հետեւանքով:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երկուշաբթի, 21 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ, երեքշաբթի 22 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ճեմարանի սաներու ֆոնտին:
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ
ԿԱՐԴԻՆԱԼ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ ԺԵ. ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ
ԵՐԱՆԱՑՄԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ
Հեղինակ` ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Տպարան` Pomigravure
Պէյրութ, 2023


