Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Պաշտպան Փաստաբանին. Մուրատ Փափազեանի` Հայաստան Մուտքի Արգելքը Կապուած Է Անոր Հայրենասիրական Գաղափարախօսութեան Հետ

August 22, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչական դատարանին մէջ, դատաւոր Մհեր Պետրոսեանի նախագահութեամբ, երէկ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեանի գործով նախնական դատական նիստը:

Դատական նիստէն ետք, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, Մուրատ Փափազեանի շահերը ներկայացնող Սիրանուշ Սահակեանը դրական նկատեց այն, որ դատարանը, համապատասխան որոշումով, կարելիութիւն տուաւ Մուրատ Փափազեանին տեսակապով միանալ դատական նիստին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ` այնուամենայնիւ կարելի՞ էր ապահովել Մուրատ Փափազեանի ֆիզիքական ներկայութիւնը դատական նիստին, փաստաբանը ըսաւ. «Կարելի է ներկայութիւնը ապահովել, բայց քանի որ Մուրատ Փափազեանի մուտքը արգիլուած է եւ ան ոչ ցանկալի անձերու ցուցակին մէջ մտած է, այսպէս կոչուած, անվտանգային նկատառումներէ մեկնելով, եւ քանի դեռ այդ որոշումը վիճարկուած, բեկանուած ու փոփոխուած չէ, դատարանը կը յենի այդ որոշումին վրայ, կը վստահի այդ աքթին եւ մինչեւ դատական աքթի կայացումը զերծ կը մնայ այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան անվտանգային սպառնալիքներ պարունակել. կը կարծեմ առարկայօրէն նման սպառնալիքներ չկան, աւելի՛ն, վկայակոչուող հանգամանքներէն ետք ալ Մուրատ Փափազեանը եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ անոր ներկայութիւնը բացասաբար չէ անդրադարձած: Աւելի՛ն, գիտենք, որ ան միջազգայնօրէն հայանպաստ գործունէութեամբ կը զբաղի, ներառեալ` արցախեան հիմնախնդիրի առնչութեամբ, եւ, վերջ ի վերջոյ, գիտենք, որ օրինակ ազրպէյճանցիներու ֆիզիքական ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ կ՛ապահովուի անվտանգային միջոցառումներով, ինչպէս օրինակ` մարզական ձեռնարկներու ժամանակ Հայաստանը կը հիւրընկալէ այնպիսի երկիրներու քաղաքացիներու, որոնց հետ մենք ունինք լուրջ անվտանգային մարտահրաւէրներ, պարզապէս ուժեղացուած հսկողութեան ներքեւ ներկայ կը գտնուին, մարզական խնդիրները կը լուծեն եւ կը վերադառնան հայրենիք: Արդարադատութեան իրաւունքը կարեւոր երաշխիքներ ունի, ներառեալ` անձամբ ներկայ գտնուիլը, ուստի մեծ ցանկութեան պարագային կարելի էր նաեւ այս միջոցներու կիրարկումով ժամանակաւորապէս ապահովել Մուրատ Փափազեանի ֆիզիքական ներկայութիւնը:

Ի հարկէ, որոշում կայացնողը դատարանն է, բայց գոնէ դրական կը գնահատեմ, որ այլընտրանքային կարելիութիւն տրուեցաւ եւ ժամանակակից արհեստագիտութեան կարելիութիւնները օգտագործելով հեռավար դատական նիստին մասնակցելու իրաւունքը երաշխաւորուեցաւ», ըսաւ Սիրանուշ Սահակեանը:

«Մենք այս արգելքը կը կապենք անձի գաղափարախօսութեան եւ գործունէութեան հետ, իրականութեան մէջ անձը Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան, շահերունն սպառնացող գործողութիւններ չէ իրականացուցած, բայց աչքի ընկած է իր ընդդիմադիր կեցուածքով, որ ուղղուած եղած է ոչ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան, այլ` հանրային իշխանութիւն կրող որոշ պաշտօնեաներու դէմ եւ այստեղ Հայաստանի շահը նոյնացուած է պետական քաղաքական գործիչներու մասնաւոր շահերուն հետ», ըսաւ Սիրանուշ Սահակեան: Անոր համաձայն, հայրենասիրական գաղափարախօսութիւնը հիմք ծառայած է, որպէսզի Մուրատ Փափազեանի մուտքը արգիլուի Հայաստան:

Նախորդը

Լը Տըրիանի Ուղին Փշոտ Է Ու Դժուար

Յաջորդը

Մուրատ Փափազեան. «Կ՛ակնկալեմ, Որ Դատարանը Կը Պարտադրէ Իշխանութիւններուն Հիմնաւորել Իմ` Հայաստան Մուտք Գործելու Արգելքը»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.