Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի, պատասխանելով ՕԹԱՆ-ին Քիեւի անդամակցութեան դիմաց հաւանական տարածքային զիջումներու մասին հարցումին, ըսած է, որ ՕԹԱՆ-ին միանալու կարելիութեան դիմաց Ուքրանիան պատրաստ է փոխանակելու միայն Ռուսիոյ Պելկորոտ քաղաքը:
Ուքրանիոյ ղեկավարը այս մասին յայտարարած է Դանիոյ վարչապետ Մեթէ Ֆրետերիքսենի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին: Մինչ այդ ալ Նետերլանտներու մէջ Զելենսքին նոյն հարցումին ի պատասխան բացառած էր ուքրանական տարածքներու հետ «որեւէ բան փոխանակելու» կարելիութիւնը:
Անցեալ շաբաթ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի գրասենեակի ղեկավար Սթիան Ենսեն յայտարարած էր, թէ իր կարծիքով` պատերազմի աւարտի փուլերէն մէկը կրնայ ըլլալ Ուքրանիոյ հրաժարումը իր տարածքի մէկ մասէն` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու դիմաց:
Դաշինքի պաշտօնատարի յայտարարութիւնը յարուցած էր Քիեւի կարծր արձագանգը, որմէ ետք Ենսեն իր խօսքերը «սխալ» որակած է` բացատրելով, թէ անոնք հնչած են «ապագայի բեմագրութիւններու շուրջ լայն քննարկումներու» շրջագիծի մէջ:
Զելենսքին Քոփենհակըն իր այցելութեան ընթացքին դանիական խորհրդարանին մօտ հաւաքուած բազմութեան մը առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ ինք վստահ է, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը պիտի կորսնցնէ:
«Այսօր մենք վստահ ենք, որ Ռուսիան այս պատերազմի մէջ պիտի պարտուի… ես վստահ եմ, որ պիտի յաղթենք, որովհետեւ ճշմարտութիւնը մեր կողքին է», նշեց ան:


