Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր սերպ պաշտօնակից Ալեքսանտր Վուչիչի հետ քննարկեց թուրք-սերպական յարաբերութիւններն ու շրջանային հարցեր: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ հունգարական պետութեան ստեղծման օրուան տօնակատարութեան ծիրին մէջ:
Էրտողան հանդիպումի ընթացքին գնահատեց Սերպիոյ կարեւորութիւնը` իբրեւ Պալքանեան շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար առանցքային պետութիւն:
Ան նշեց, որ թուրք-սերպական յարաբերութիւնները հասած են պատմութեան մէջ իրենց բարձրագոյն մակարդակին:
Թուրքիոյ նախագահը իր հունգար պաշտօնակից Քաթալին Նովաքի հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային հարցեր:


