Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ 2023-ի յուլիս ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերը 6,8 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2023-ի յունիս ամսուան սակերուն:
Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճի համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով.
– Պէյրութի մէջ` 6,4 առ հարիւր:
– Լեռնալիբանանի մէջ` 7,5 առ հարիւր:
– Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` 6,8 առ հարիւր:
– Պեքաայի մէջ` 7,1 առ հարիւր:
– Հարաւային Լիբանանի մէջ` 6,4 առ հարիւր:
– Նապաթիէի մէջ` 1,5 առ հարիւր:
Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հրապարակած տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ 2023-ի յուլիս ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերուն ցուցանիշը 251,5 առ հարիւրի աճ արձանագրած է` բաղդատած 2022-ի յուլիս ամսուան:


