ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.550 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ բնական կազի ու նաւթի ապահոված շահերը պէտք չէ օգտագործել` փակելու համար Լիբանանի պետական պարտքն ու հատուցելու համար դրամատուներուն վնասները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղասսան Սքաֆ հաստատեց, որ Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի առաքելութիւնը ձախողած է, նախքան սկսիլը:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշի Հիւսիսային Մեթնի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հաւաքոյթի մը ընթացքին ներկայացուց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը: Ան շեշտեց, որ Մեթնը Լիբանանեան ուժերու բնօրրանն է` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային պիտի ընտրուի հանրապետութեան նախագահ մը, որ անոնց երազներուն նման է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ առանց Դիմադրութեան անկարելի պիտի ըլլար լիբանանեան ջուրերուն մէջ թիւ 9 նաւթահորը հորատելու աշխատանքին սկսիլ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Նազիհ Մաթթա յայտնեց, որ արգիլուած է հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին հասցնել Դիմադրութեան առանցքին պատկանող անձնաւորութիւն մը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Պաարինի յայտնեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը պաշտպանելու նպատակով պետական հաստատութիւններն ու ապահովական կառոյցները այլընտրանք չունին:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր կոչ ուղղեց 1 սեպտեմբերը հռչակելու Մեծն Լիբանանի նուիրուած ազգային տօն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց երեսփոխանական պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկրին ապահովական մարտահրաւէրները: Զօր. Աուն ընդունեց նաեւ Քահալէի բնակիչները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց Քահալէի իրավիճակն ու շրջանի բնակչութեան մտավախութիւնները: Պատուիրակութիւնը բարձր գնահատեց բանակին դերակատարութիւնը` ներկայ պայմաններուն մէջ:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ պէտք է յաջողցնել երկխօսութիւնը` յանգելու համար հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան շուրջ համախոհութեան:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանան արաբական եւ Ծոցի երկիրներէն ոչ մէկ նիւթական օժանդակութիւն պիտի ստանայ` աւելցնելով, որ ներքին լիբանանեան իմաստով պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դրուի եւ բարեկարգումի յատուկ օրէնքներ վաւերացուին: «Ձրի գումարները առյաւէտ սպառած են, իսկ յաջորդ փուլը շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ», հաստատեց ան:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան պատասխանատուներէն Ռամի Քամար կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նախագահական ընտրութիւն կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները կարգաւորել:


