Ռուսական օդուժը երէկ կէս գիշերին Իտլիպի արեւմուտքը օդային յարձակում գործելով քանդած է «Թահրիր Շամ»-ի զինուորական կեդրոնատեղին:
Բարձրաստիճան մարտական աղբիւր մը «Սփութնիք»-ին յայտնած է, որ ռուսական հետախուզական օդանաւեր նկատած են Ժապհաթ Նուսրայի շարք մը մեքենաներ, որոնք գիշերանց զինուորական սարքեր ու տուփեր եւ ենթադրաբար անօդաչու թռչող սարքեր պարունակող տուփեր փոխադրած են Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող «Սարմատա» քաղաքի իրենց պահեստանոցներէն դէպի Իտլիպ քաղաք:
Ռուսական հետախուզական օդանաւերը ճշգրիտ կերպով ճշդած են անոնց դիրքը, որ թիրախ դարձած է օդային երեք յարձակումներու, եւ կեդրոնատեղին ամբողջովին քանդուած է:
Ըստ նախնական տուեալներու, ույղուր եւ չեչեն առնուազն 6 զինեալներ սպաննուած են եւ ուրիշներ վիրաւորուած, ինչպէս նաեւ երեք մեքենաներ քանդուած են:


