Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթավերջին ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի Արեւմտեան Ասիոյ եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերով օգնական Մեհտի Շոշթարին` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային առումով առկայ քաղաքական խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:


