Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական հաւասարութիւնը, այս անգամ` Թուլուզի դաշտին վրայ, 1-1 արդիւնքով:
Ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ, որ տարեշրջանի առաջին մրցումին նկատի չէր առնուած իր մարզիչին` Լուիս Էնրիքէի կողմէ, Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայանալով, փենալթիով նշանակեց տարեշրջանի իր առաջին կոլը (62-րդ):
Նշենք, որ հիւրընկալ կազմը եւս իր կոլը նշանակեց փենալթիով` 87-րդ վայրկեանին:


