Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսական Քաղաքներն ու Շրջանները Կ՛ուզեն Օգնութիւն Հասցնել Պաշարուած Արցախին

August 19, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փարիզի քաղաքապետ Ան Իտալկոյի նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի Փարիզ քաղաքը, Իլ-տը-Ֆրանս, Օվեռն-Ռոն-Ալփ, Օ-տը-Ֆրանս, Օքսիթանիա, Լուարի երկիր եւ Փրովանս-Ալփ Քոթ տ՛Ազիւր շրջանները` Արցախի ժողովուրդին աջակցութիւն տրամադրելու հարցին մէջ միասնական ըլլալով, համախմբուած են` 12 դեկտեմբեր 2022-էն ի   վեր պաշարուած Արցախին հրատապ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը:

Ֆրանսական տարածքային մարմիններու կողմէ 20 թոն տեղափոխող առաջին բեռնատարը Երեւանէն ուղեւորուած է դէպի սահմանամերձ Կոռնիձոր, ուր միացած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ Արցախի բնակչութեան ուղղուած առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ տեղափոխող եւս 21 բեռնատարներուն: 15 յունիսէն ի վեր Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը չեն արտօներ անցակէտով որեւէ տեղաշարժ` ո՛չ պարենային օգնութեան, ո՛չ դեղորայքի, ո՛չ բժշկական շարասիւնի:

«Մեզ կ՛անհանգստացնէ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ միջանցքի շարունակուող տեւական փակումը, ինչ որ, մասնաւորաբար, կը խոչընդոտէ մարդասիրական օգնութեան տեղափոխումը: Մենք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք կատարելու ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները, եւ, յատկապէս Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը ապահովելու վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կայացուցած որոշումը», ըսած է ֆրանսական տեղական ինքնակառավարման մարմիններու պաշտօնական ներկայացուցիչը:

Տեղափոխուող 20 թոն օգնութիւնը նշուած շրջաններուն եւ քաղաքներուն կողմէ ֆինանսաւորուող բեռնատարներու գլխաւոր` աւելի մեծ շարասիւնի միայն առաջին` փոքր մասն է: Գլխաւոր շարասիւնի մեկնարկը պիտի տրուի օգոստոսի վերջաւորութեան` յօգուտ Արցախի բնակչութեան իրականացուող մարդասիրական այս նախաձեռնութեան աջակցող ֆրանսացի խորհրդարանականներու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներու պատուիրակութեան առաջնորդութեամբ:

Նախորդը

Պայրամով Քլաարի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին Արցախի Շրջափակման Ու Մարդասիրական Ճգնաժամի Մասին Յայտարարութիւնները «Կեղծ Ու Անհիմն» Որակած Է

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Տարածքէն Անյայտ Անձ Մը Երեք Կրակոց Արձակած Է Կապանի Օդակայանի Ուղղութեամբ

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.