Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք, նախագահութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց շարք մը հարցեր, որոնց շարքին 2023-2024 կրթական տարեշրջանը վերսկսելու մարտահրաւէրները:
Նիստին ընթացքին Միքաթի անհրաժեշտ նկատեց, որ խորհրդարանը գումարէ օրէնսդրական նիստ մը` վաւերացնելու համար տնտեսական ապաքինման, դրամատնային մարզի վերակազմաւորման եւ ելեւմտական բացին հարցը լուծելու վերաբերող բոլոր օրէնքները:
Նիստի աւարտին կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ վերամուտի նախօրեակին 150 միլիոն տոլարի կարիք կայ, որպէսզի կարելի ըլլայ կրթական մարզին ընթացքը ապահովել:
Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը իբրեւ նախաքայլ համաձայն գտնուած է 5 հազար միլիառ լ. ոսկի տրամադրել այդ նպատակով, եւ մնացեալ գումարը պիտի հայթայթէ վերամուտը յայտարարելու նպատակով:


