Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Քահալէի մէջ Հըզպալլայի պատկանող փոխադրակառքի մը շրջելուն, որուն պատճառով արձանագրուեցան երկու զոհեր եւ վիրաւորուեցան ուրիշներ:
Ան նկատել տուաւ, որ այդ դէպքը նորագոյն պատահարն է, որուն շրջագիծին մէջ Հըզպալլա ցոյց կու տայ, թէ ինք հետաքրքրուած է միայն իր անձնական շահերով եւ Իրանի շահերը ապահովելով, եւ ոչ թէ հետաքրքրուած է լիբանանցիներու անվտանգութեամբ եւ բարօրութեամբ:
Ան շեշտեց, որ Հըզպալլայի կողմէ ապօրինի զէնքերու փոխադրութիւնը մտահոգիչ է:
Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` Քահալէի զինեալ միջադէպը ընկալելու իմաստով, ողջունելի է` աւելցնելով, որ բանակը ապահովական հատու միջոցառումներ որդեգրեց` արգիլելու համար դէպքերու զարգացումն ու մագլցումը, ինչպէս նաեւ մաքսանենգուող ապօրինի զինամթերքը գրաւեց` պաշտպանելով Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:


