ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի ներկայութեամբ, երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց «Անկախներ` յանուն Լիբանանի հանդիպում»-ի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Քեմիլ Ալֆրետ Շամուն, Զիատ Շուէյրի, Րաֆֆի Մատէեան, Ժոզեֆ Մխայէլ, Իսա Նահհաս, Ամին Ապու Ժաուտէ, Քարին Քասաա, Սիրիլ Նաֆաա, Տիանա Ռըզքալլա, Ազիզ Աշքար, Անի Կէօչէրեան, Անթուան Գալայճեան, Այուպ Հիւսէյնի, Ժոզեֆ Մարուն եւ Խալիլ Պրըմմանա:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս` նախագահական ընտրութեան տագնապ, քրիստոնեայ համայնքի իրավիճակ, համայնքային լարուածութեան համատարած մթնոլորտ, ինչպէս նաեւ այդ բոլորը ընկալելու եւ լուծումներ գտնելու կարելիութիւններ` ընդգծելով ազգային երկխօսութիւն կատարելու, համայնքային լարուածութիւն հրահրող բառամթերքի գործածութեան եւ բաժանումի ու բռնարարքներու կոչերուն վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ պատուիրակութիւնը բարձր գնահատեց Քահալէի միջադէպին մասին եկեղեցւոյ կեցուածքը, որ փոխանցեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսը, որ կոչ ուղղեց միասնականութեան:
Պատուիրակութիւնը ողջունեց եւ բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին կեցուածքը, որ ազգային բարձր գիտակցութեամբ հակակշիռի տակ առաւ կացութիւնը եւ յաջողեցաւ վերահաստատել կայունութիւնը` արգիլելով սադրանքը, որ հրահրուեցաւ քաղաքական կարգ մը ուժերու կողմէ:
«Անկախներ` յանուն Լիբանանի հանդիպում»-ի անդամները ընդգծեցին Լիբանան երկրի կերտման ու կայունութեան, լիբանանեան տնտեսութեան զարգացման, ճարտարարուեստի եւ արհեստներու բարգաւաճման ու հմտութիւններու տարածումի, ինչպէս նաեւ երկրին մշակութային, կրթական, գիտական ու մարմնակրթութեան մարզերուն արդիականացման մէջ հայ համայնքին դերակատարութեան կարեւորութիւնը:
Պատուիրակութիւնը ընդգծեց նաեւ հայ ընտրանիի մը ունեցած հիմնական դերակատարութիւնը դրամատնային մարզին, տնտեսական ու այլ մարզերու կազմաւորման եւ վերաշխուժացման մէջ:
«Անկախներ` յանուն Լիբանանի հանդիպում»-ի պատուիրակութիւնը ընդգծեց նաեւ Թաէֆի համաձայնագիրի բարեկարգչական կէտերուն, ինչպէս` վարչական եւ ելեւմտական ապակեդրոնացեալ դրութեան գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտի եւ Նախագահներու ու նախարարներու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդի կազմութեան կարեւորութիւնը:
Պատուիրակութիւնը հաստատեց նաեւ քրիստոնեայ համայնքին դերակատարութիւնը վերանորոգելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ երիտասարդ մարդուժի, կարողութիւններով եւ հմտութիւններով օժտուած երիտասարդներու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը Լիբանանի փրկութեան ու երկրին վարչակարգը արդիականացնելու աշխատանքներուն մէջ:
Իր կարգին, Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ նախագահական ընտրութեան տագնապին` նշելով, որ նախքան յառաջիկայ տարեշրջանը կարելի պիտի չըլլայ հանրապետութեան նախագահ ընտրել:
Ան ողջունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը` զայն նկատելով համաձայնութեան մը առաջնորդող նախաքայլ մը:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց Լիբանանի համար Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի առաքելութեան յաջողութեան դժուարութիւնը, նոյնիսկ եթէ Փարիզ իր նախաձեռնութեամբ կը փափաքի մնալ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ:
Ան կոչ ուղղեց երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը շարունակելու, ինչպէս նաեւ համայնքային լարուածութեան վերջ տալու:
Յ. Բագրատունի զգուշացուց պատերազմական բառամթերքէն ու մշակոյթէն եւ անոր վերադառնալու կիրքերու հրահրումէն` շեշտելով, որ վարչական եւ ելեւմտական ապակեդրոնացեալ դրութեան հաստատումը կրնայ յանգիլ քրիստոնեայ համայնքի բաժանումին: Ան աւելցուց, որ քրիստոնեաները պիտի ըլլան այդ դրութեան հաստատումէն առաջին տուժողները:
Յ. Բագրատունի հաստատեց առկայ ընտրական օրէնքը վերատեսութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պատրաստակամութիւն յայտնած է ընդունելու սուրիացի իւրաքանչիւր տեղահանուած, որ կը փափաքի կամովին տունդարձ կատարել` միաժամանակ զգուշացնելով Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածները բնակեցնելու միջազգային ծրագիրի մը գոյութենէ:
Իր կարգին, Յ. Թերզեան անհրաժեշտ նկատեց պետական պարտքը վերադասաւորելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել երկրին ելեւմտական տագնապը, վերստեղծել Կեդրոնական դրամատան պահեստը, վերաշխուժացնել եւ նիւթական հայթայթել դրամատուներուն:
Յ. Թերզեան նկատել տուաւ նաեւ, որ իրաւական հաշուեքննութեան տեղեկագիրը` կառավարութեան հետ պայմանագրային իր դրութեամբ, պատճառ դարձած է, որ պետութիւնը իր կարգ մը իրաւունքներէն զիջի:


