Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութեան Թափանցիկութեան Եւ Հաշուետուողականութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

August 18, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը 15 օգոստոսին հաստատած է, որ Վերին Շորժայի ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը թիրախաւորած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութիւնը:

Հակառակ վերջինիս նախնական հերքումին, հրապարակուեցան տեսաապացոյցներ, որոնք հաստատեցին ինչպէս Եւրոպական Միութեան դիտորդներու, այնպէս ալ անոնց մեքենաներուն ուղղութեամբ կրակոցներու փաստը, որմէ ետք միայն Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը ընկերային ցանցէն հեռացուց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը վարկաբեկող նախնական յայտարարութիւնը եւ հաստատեց յարձակումը իրենց պարեկութեան տարածքին մէջ: Բարեբախտաբար, այս միջադէպի ընթացքին դիտորդական առաքելութեան անդամները չեն տուժած:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կը դատապարտէ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան կողմէ ցուցաբերուած անմիտ պահուածքը: Այդ մօտեցումը ոչ միայն կը վտանգէ առաքելութեան վստահելիութիւնը, այլեւ լուրջ կասկածներ կը յարուցէ անոր ընդհանուր արդիւնաւէտութեան նկատմամբ: Նման անխոհեմ պահուածք զգալի քաղաքական հետեւանքներ կը պարունակէ եւ, որ աւելի տագնապալի է, կը վտանգէ անվտանգութիւնը Եւրոպական Միութեան առաքելութեան անձնակազմի եւ խոցելի քաղաքացիական սահմանամերձ համայնքներու, որոնք հետեւողականօրէն կ՛ենթարկուին յարձակումներու:

Յուսահատեցնող է նաեւ այն փաստը, որ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը ձեռնպահ կը մնայ նախայարձակը բացայայտօրէն մատնանշելէ եւ չի յստակացներ, որ Ազրպէյճանը պատասխանատուութիւն կը կրէ կրակոցներուն համար, որոնք կը թիրախաւորէին նաեւ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան անձնակազմը:

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեանը կոչ կ՛ուղղէ գործելու թափանցիկութեան եւ հաշուետուողականութեան սկզբունքներուն հիման վրայ: Սա խիստ անհրաժեշտ է Եւրոպական Միութեան առաքելութեան արժանահաւատութեան եւ աշխատանքի արդիւնաւէտութեան համար:

Աւելի՛ն, Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բարձր յանձնակատար Ժոզեփ Պորելին կոչ կ՛ուղղէ վճռական գործողութիւններ ձեռնարկելու Ազրպէյճանի դէմ: Եւրոպական Միութեան համար հրամայական է թիրախային պատժամիջոցներ կիրարկել Ազրպէյճանի նկատմամբ, հանդէս գալ շարունակական սադրանքներու եւ միջազգային իրաւունքի անտեսման ազրպէյճանական քաղաքականութեան դէմ: Եւրոպական Միութիւնը պէտք չէ դառնայ Ազրպէյճանի անօրինական գործողութիւններուն հետեւորդը:

Նախորդը

Յ. Բագրատունի Ընդունեց «Անկախներ` Յանուն Լիբանանի Հանդիպում»-ի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստին Վերաբերեալ Նամակներ Յղեց Դեսպաններու

RelatedPosts

ԵԱՏՄ-ի Մէջ Ներկայացուցին Հայաստանի  Անդամակցութեան Կասեցման  Հետեւանքներուն Մասին Զեկուցումը
Գլխաւոր լուրեր

ԵԱՏՄ-ի Մէջ Ներկայացուցին Հայաստանի Անդամակցութեան Կասեցման Հետեւանքներուն Մասին Զեկուցումը

October 21, 2026
Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը  ՔՈՓ17-ի Մասնակիցներուն Կոչ Ուղղեց`  Ուշադրութիւն Դարձնելու  Արցախահայութեան Իրաւունքներուն
Հայկական

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը ՔՈՓ17-ի Մասնակիցներուն Կոչ Ուղղեց` Ուշադրութիւն Դարձնելու Արցախահայութեան Իրաւունքներուն

October 21, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացումը  Պիտի Ընդգրկուի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացումը Պիտի Ընդգրկուի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.