Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիքայի լիկաներու ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին իրարու դէմ պիտի մրցին Ինթեր Մայեմի եւ Նեշվիլ:
Կիսաւարտականի մրցումներուն, ամերիկեան Ինթեր Մայեմի իր յաղթանակը արձանագրեց Ֆիլատելֆիա Իւնիոնի դէմ, 4-1 արդիւնքով:
Ա. կիսախաղին կոլի հեղինակ դարձան աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, Արժանթինի ազգային խումբի յառաջապահ, Լիոնել Մեսսի եւ քաթալոնական Պարսելոնայի նախկին յետսապահ Եորտի Ալպա:
Նշենք, որ 34 տարեկան Ալպա, իր նոր կազմին հետ նշանակեց իր առաջին կոլը, մինչ 36 տարեկան Մեսսի, որ յաջորդաբար 6-րդ մրցումն ըլլալով կը դառնայ կոլի հեղինակ, իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր հաշիւը հասցուց 9-ի:
Մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ անոնց խմբակից Սերճիօ Պուսքեթց:


