Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի 25 տարեկան փորթուգալցի միջնապահ Ռենաթօ Սանչեզ իր կազմը լքելով միացաւ իտալական Ա. Էս. Ռոմային:
Ան մինչեւ յունիս 2024 թէեւ փոխ տրուեցաւ հռոմեան ակումբին, սակայն անոր նոր կազմը պարտաւոր է յառաջիկայ ամրան ընթացքին պաշտօնապէս անոր հետ ստորագրել պայմանագրութիւն մը:
Սանչեզ, որ նախորդ ամառ միացած էր ֆրանսական ակումբին, իր նոր կազմին հետ դաշտ պիտի ներկայանայ թիւ 20 մարզաշապիկով:
«Թրանսֆերմարքթ» անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատէ 15 միլիոն եւրոյով:


