«Ազրպէյճան ինքնիրեն իրաւունք կը վերապահէ պաշտպանելու իր գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը», կը յայտարարէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Հայաստանը չէ դադրեցուցած Ազրպէյճանի նկատմամբ իր տարածքային պահանջները, եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան բանաւոր ճանաչումը կը տարբերի անոր քայլերէն», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
«2020 թուականին տեղի ունեցած պատերազմէն ետք Ազրպէյճանը Հայաստանին առաջարկած է խաղաղութիւն` հիմնուած երկու երկիրներուն կողմէ իրարու գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան փոխադարձ ճանաչման եւ յարգման վրայ` օրինական շահերու հաւասար եւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ: Միւս կողմէ, Ազրպէյճանը կը վարէ Ղարաբաղի հայկական ծագումով բնակիչներու վերահամարկման քաղաքականութիւն` իբրեւ իրաւահաւասար քաղաքացիներ` ապահովելով Ազրպէյճանի սահմանադրութեամբ եւ մարդու իրաւունքներու բոլոր համապատասխան միջազգային մեքանիզմներով նախատեսուած իրաւունքներն ու ազատութիւնները, որոնց Ազրպէյճան կը մասնակցի: Միեւնոյն ժամանակ, դրսեւորելով հաւատարմութիւն այս բոլոր ոլորտներուն, Ազրպէյճանը ինքնիրեն իրաւունք կը վերապահէ պաշտպանել իր գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ եւ միջազգային օրէնքի այլ համընդհանուր փաստաթուղթերով նախատեսուած բոլոր օրինական միջոցներով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Պաքուն յայտարարած է, որ վերջին շաբաթներու ընթացքին հայկական զինեալ ուժերը ուժեղացուցած են ռազմասակրաւորային աշխատանքները եւ այլ զինուորական գործունէութիւնը, ինչ որ «միջազգային իրաւունքի լուրջ խախտում է»:
Նախարարութիւնը կը շարունակէ, որ նոյն ատեն «վերջին օրերուն Ազրպէյճանի հետ չհամաձայնեցուած սահմանի երկայնքին մեծ քանակութեամբ սպառազինութիւն, զինուորական սարքեր եւ Հայաստանի զինեալ ուժերու անձնակազմի կուտակում կը նկատուի` հերթական զինուորական արկածախնդրութեան համար»:


