Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ Հայաստանին կոչ ուղղեց «աջակցելու» Աղտամի ճանապարհի օգտագործումին, «ձեռնպահ մնալու սադրիչ քայլերէ», ճանչնալու Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ «աջակցելու Ազրպէյճանի ջանքերուն` հայ բնակչութեան համարկումի հարցով»:
Երէկ տարածած յայտարարութեամբ պաշտօնական Անգարան, նշելով, որ ուշադիր կը հետեւի Լաչինի միջանցքին շուրջ քննարկումներուն եւ կ՛ընդգծէ, թէ «կը հասկնայ այդ հարցով Ազրպէյճանի օրինական մտահոգութիւնները»:
«Թուրքիան կը կարծէ, թէ Լաչինի ճանապարհի հարցին մէջ Ազրպէյճանին քննադատելու հիմք չկայ», յայտարարեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Պաշտօնական Ստեփանակերտը աւելի կանուխ յայտարարած էր, որ Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը չվերականգնելու եւ փոխարէնը Աղտամով մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու Պաքուի առաջարկին նպատակը 9 նոյեմբերի յայտարարութիւնը վերատեսութեան ենթարկելն է: Ըստ Արցախի, Ազրպէյճանի կողմէ յամառօրէն առաջարկուող այս մօտեցումը կը խախտէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներն ու կը նուաստացնէ արժանապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ կը հակասէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքին:


