Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի հաւաստած է, որ Ուքրանիան ռուս բռնագրաւողներու ոչ մէկ յանցագործութիւն անպատասխան պիտի ձգէ, եւ Խրիմի կամուրջի «ծխահարում»-ը ատոր վկայութիւններէն մէկն է: Այս մասին գրած է ԵՈՒՆԻԱՆ-ը:
«ՉԿայ օր մը, որ ռուսական չարիքը չստանայ մեր պատասխանը: Շատ պերճախօս ծխահարումը Խրիմի կամուրջին, եւ ոչ միայն ատիկա` այս բոլորը կը վկայեն, որ մենք Ռուսիոյ ոչ մէկ յանցագործութիւն անպատասխան պիտի ձգենք», ընդգծած է Զելենսքին:
12 օգոստոսին, ցերեկուան ժամը շուրջ 1:00-ին Խրիմի կամուրջի շրջանին մէջ պայթումներ տեղի ունեցած են: Անոնք կրկնուած են շուրջ մէկ ժամ ետք: Հետագային յայտնի դարձած է, որ կամուրջին վրայ երթեւեկը դադրեցուած է:


