Նիկերի մէջ յեղաշրջումէն ետք, երկրին իշխող զինուորական խորհուրդը յայտարարեց, որ մտադիր է «գերագոյն դաւաճանութեան» եւ երկրին «ներքին ու արտաքին անվտանգութեան ականահարման» մեղադրանքներով դատել պաշտօնազրկուած նախագահ Մոհամետ Պազումը:
Խորհուրդը յայտնեց, որ իրենք նախագահական պալատը չեն գրաւած, եւ Պազում կը շարունակէ արտաքին աշխարհին հետ հաղորդակցելու ազատ ըլլալ «եւ հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները ունի»:
Զինուորական խորհուրդը նշեց, որ Պազումի բժիշկը կանոնաւոր կերպով անոր կ՛այցելէ, եւ տակաւին անոր կամ ընտանիքի անդամներուն առողջական վիճակին վերաբերեալ որեւէ մտավախութիւն չէ յայտնած:
Զինուորական խորհուրդը նաեւ դատապարտեց Արեւմտեան Ափրիկէի երկիրներու տնտեսական խմբակի` ԷՔՕՈՒԱՍ-ի իր 30 յուլիսի վեհաժողովի ընթացքին հաստատած «անօրինական, անմարդկային ու վարկաբեկիչ» պատժամիջոցները:
ԷՔՕՈՒԱՍ դադրեցուցած է Նիկերի հետ բոլոր առեւտրական ու ելեւմտական գործառնութիւնները, ինչպէս նաեւ սառեցուցած խմբակի կեդրոնական դրամատուներուն մէջ Նիկերի պատկանող գումարները: Սառեցուած են նաեւ յեղաշրջումին մեղսակից զինուորականներուն դրամատնային գումարները, կ՛արգիլուի անոնց ու անոնց ընտանիքներուն ճամբորդութիւնները: Նոյն պատժամիջոցները կը կիրարկուին բոլոր քաղաքայիններուն նկատմամբ, որոնք մաս կը կազմեն այդ զինուորականներուն կազմած որեւէ կառավարութեան:
Նիկերի զինուորական խորհուրդին կողմէ վարչապետ նշանակուած Ալի Մոհամետ Ամինալզէյն յայտնեց, որ զինուորական խորհուրդի նախագահ Ապտելռահման Թիանի ԷՔՕՈՒԱՍ-ի հետ բանակցութիւններ սկսելուն կանաչ լոյս տուած է, եւ Նիկերի նոր ղեկավարութիւնը յառաջիկայ օրերուն այդ բանակցութիւններուն սկսելու նկատմամբ «լաւատես» է:
Մինչ այդ, Նիկերի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երկրին արեւմուտքին մէջ բախումներու ընթացքին 6 զինուորներ եւ 10 ահաբեկիչներ սպաննուած են:


