Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա:
Ան Մեքքայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իսլամական հարցերու նախարար Ապտել Լաթիֆ պըն Ապտել Ազիզ Ալ Շէյխի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կրօնական շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ շեշտուեցան իսլամութեան մէջ միացեալ կեցուածքով ներկայանալու եւ իսլամութեան ազնուական արժանիքներն ու յատկանիշները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ նախարարութեան եւ Տար Ֆաթուայի միջեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Միւֆթի Տըրիան դրուատեց արաբական եւ իսլամական հարցերուն պարագային սէուտական դերակատարութեան կարեւորութիւնը` մեկնելով արաբական եւ իսլամական իւրաքանչիւր երկրի ապահովութեան ու կայունութեան նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ յանձնառութենէն:
Միւֆթի Տըրիան կատարեց իր ուխտագնացութիւնը աղօթելով առ Աստուած` պահպանելու Լիբանանն ու լիբանանցիները` երեւելի թէ աներեւոյթ ամէն տեսակի սադրանքներէն:
Միւֆթի Տըրիան մաղթեց, որ Լիբանանի եւ արաբական ու իսլամական բոլոր երկիրներուն մէջ ապահովական կայունութիւնը պաշտպանուի:


