Նախորդ շաբաթավերջին Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ աւարտեցան Համահայկական 8-րդ ամառնային խաղերու ճատրակի մրցումները:
Տղոց մրցումներուն մասնակցեցան 171 խաղացողներ, իսկ աղջկանց պարագային` 66 խաղացողներ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը:
Տղոց մրցաշարքին ախոյեան հանդիսացաւ Վաչէ Սուքիասեան (Երեւան), իսկ աղջկանց պարագային` Անահիտ Մուրատեան (Երեւան):
Մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն էր միջազգային իրաւարար Վահագն Խաչատրեան:


