Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի մէջ տեղի ունեցող 2023-ի աղջկանց Մոնտիալի քառորդ աւարտականի մրցումներուն լոյսին տակ, նախորդ շաբաթավերջին յստակացան կիսաւարտականին հասնող խումբերը:
Անգլիա 2-1 արդիւնքով յաղթեց Քոլոմպիոյ, մինչ Ֆրանսա փենալթիներով պարտուեցաւ Աւստրալիայէն, 7-6 արդիւնքով:
Կիսաւարտականին իրենց տոմսերը ապահովեցին նաեւ Սպանիա եւ Շուէտ, յաջորդաբար յաղթելէ ետք Նետերլանտներու (2-1) եւ Ճափոնի (2-1):
Վաղը` երեքշաբթի, 15 օգոստոսին, կիսաւարտականի առաջին մրցումին, Սպանիա կը մրցի Շուէտի դէմ, իսկ մէկ օր ետք` չորեքշաբթի օր, Աւստրալիա` Անգլիոյ դէմ:


