Բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական իշխանութիւնները յոյս ունին, որ իրենց տարածքին մէջ Ռուսիոյ դիւանագիտական գրասենեակի բացումը ի վերջոյ պիտի յանգեցնէ Մոսկուայի կողմէ ինքնահռչակ հանրապետութեան «անկախութեան» ճանաչման: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Հիւսիսային Կիպրոսի փոխադրամիջոցներու նախարար Էրհան Արըքլը:
Անոր համաձայն, «Խորհրդային Միութիւնը առաջինն էր, որ 100 տարի առաջ ճանչցաւ թրքական հանրապետութիւնը: Յոյսով ենք, որ նոյնը տեղի պիտի ունենայ մեր պարագային, կը կարծեմ այս հարցը պիտի ընդգրկուի Ռուսիոյ օրակարգին վրայ», նշած է Արըքլը:
Կիպրոսի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը յայտարարած էր, որ կը սկսի կանոնաւոր կերպով հիւպատոսական ծառայութիւններ մատուցել նաեւ կղզիի հիւսիսային, թրքաբնակ շրջանին մէջ:
Որոշ գնահատականներու համաձայն, Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ թրքական հանրապետութեան տարածքին մէջ այս պահուս Ռուսիոյ շուրջ 50 հազար քաղաքացիներ կը բնակին:
«Անատոլու» նախապէս հաղորդած էր, որ Կիպրոսի բռնագրաւեալ հիւսիսային հատուածի` այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Թահսին Էրթուղրուլօղլու մեկնաբանած է այն լուրը, թէ Ռուսիան պիտի սկսի կղզիի հիւսիսային հատուածին մէջ հիւպատոսական ծառայութիւններ մատուցել:
Էրթուղրուլօղլու «Թէ. Ռէ. Թէ. Հապեր»-ին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ հարցը արդէն մէկ տարիէ ի վեր օրակարգի վրայ է:
«Ասիկա պէտք չէ մեկնաբանուի իբրեւ Ռուսիոյ կողմէ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան ճանաչում», ըսած էր ան:


