Անցեալ չորեքշաբթի երեկոյեան Քահալէի վայրէջքին վրայ Դիմադրութեան զինամթերքի փոխադրակառքի շրջելուն պատճառով ստեղծուածը Լիբանանի համար սադրանքի սահանք մըն էր, որմէ ան կրցաւ փրկուիլ:
Դժբախտաբար այս չի նշանակեր, որ Լիբանանի ապահովութեան սպառնացող սադրանքներու վտանգը աւարտած է, ընդհակառակն` ան առկայ է աւելի քան երբեք եւ վտանգաւոր է, որովհետեւ երկրին մէջ կայ ապօրինի զէնքի իրականութիւն մը, որ բոլորին կը վերաբերի:
Հակառակ երկրին մէջ տիրող ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան խախուտ մթնոլորտին, պէտք է ըսել, որ քաղաքական, զինուորական եւ հոգեւոր հեղինակութիւնները կրցան զսպել Քահալէի միջադէպին հետեւանքները եւ ուղղել սադրանքը խեղդելու կոչեր, այդպիսով կանխելով զինեալ բախումներուն ընդարձակումը:
Մինչ արձանագրուած զինեալ միջադէպին շուրջ հետաքննութիւնը կը շարունակուի, շարք մը աղբիւրներ բարձր գնահատեցին Քահալէի մէջ սպաննուած լիբանանցի քաղաքացի Ֆատի Պըժժանիի ընտանիքին գիտակցութիւնը, որուն շնորհիւ անոնք փորձեցին հանդարտեցնել կիրքերը եւ առիթ չտալ, որ քաղաքական կողմեր չարաշահեն իր հարազատին կորուստը:
Երկու կողմերուն մօտ կիրքերը հանդարտեցնելու նպատակով առնուած քայլերու շրջագիծին մէջ, իսլամ քարոզիչ սէյիտ Ալի Ֆատլալլա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսին հետ եւ բարձր գնահատեց անոր ազգային պատասխանատու կեցուածքները` Պըժժանիի յուղարկաւորութեան ընթացքին:
Ֆատլալլա հաստատեց, որ Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսի հոգեւոր կեցուածքները սադրանքները թաղելու զօրութիւն ունէին, ինչպէս նաեւ կ՛արգիլէին, որ լիբանանեան ներքին ապահովական կայունութիւնն ու համերաշխութիւնը հարուած ստանայ` պղտոր ջուրերուն մէջ որսացողներուն կողմէ:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Քաաքուրի մէջ Մար Շարպել եկեղեցւոյ խորանի օծման արարողութեան ընթացքին յայտնեց. «Կը ցաւինք Քահալէի ընտանիքներուն ցաւով` նկատի ունենալով, որ անոնք կորսնցուցած են իրենց համար սիրելի հարազատ Ֆատի Պըժժանին, որ զոհ գնաց Հըզպալլայի զէնքերու յատուկ փոխադրակառքի միջադէպին, «ինչպէս նաեւ կը ցաւինք նոյն միջադէպին ընթացքին Հըզպալլայի շարքերուն մէջ արձանագրուած զոհին համար», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իրենք լիբանանեան պետութեան իշխանութենէն դուրս պիտի չելլեն, առանց պետութեան ապրելու վիհին մէջ պիտի չգլորին եւ կը պահանջեն երկիրը բաղկացնող բոլոր կուսակցութիւններէն լիբանանեան պետութեան դրօշին ներքեւ մէկտեղուիլ, յատկապէս զէնքի գործածութեան առումով:
«Կարելի չէ ապրիլ այնպիսի հողի մը վրայ, ուր աւելի քան մէկ պետութիւն, մէկ բանակ եւ բազմաթիւ իշխանութիւններ, ինչպէս նաեւ աւելի քան մէկ գերիշխանութիւն կայ, հետեւաբար պէտք է գործադրել Թաէֆի համաձայնագիրը: Կոչ կ՛ուղղենք ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին ընտրելու հանրապետութեան նախագահը` պաշտպանելու համար հանրային շահերը, պետական հաստատութիւններն ու լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնը», յայտնեց ան:
Միւս կողմէ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ այցելեց Քահալէի մէջ սպաննուած Հըզպալլայի մարտիկ Ահմետ Քասասի բնակարանը, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց Քասասի ընտանիքին` շեշտելով, որ Քասասի մասին հրապարակուած լուսանկարները ցոյց տուին, թէ ան արժանապատուութեան ու նուիրումի աղբիւր էր եւ իր արիւնը թափեց Լիբանանի շահերուն համար:
Քասեմ կոչ ուղղեց ապահովութեան ուժերուն եւ դատական իշխանութեան շարունակելու հետաքննութիւնները եւ պատժելու սադրանք հրահրողները, որոնք փորձեցին Լիբանանը առաջնորդել դէպի անդունդի եզրը` ստեղծելով հարց մը, որ գոյութիւն չունի:
Քասեմ ողջունեց ու գնահատեց բոլոր այն ճիգերը, որոնք ի գործ դրուեցան` հանդարտեցնելու համար կացութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ Պաալպեք-Հերմել համախմբումը շաբաթավերջին գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որմէ ետք համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ Քահալէի մէջ պատահածը ծրագրուած ոճիր մըն է, որուն նպատակն է երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը խախտել:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Քահալէի միջադէպին պատճառը ատելութիւնն է եւ սադրանքներու հրահրումը` աւելցնելով, որ եթէ Դիմադրութիւնը չըլլար, ապա Իսրայէլ տակաւին Պաապտայի պալատին մէջ կ՛ըլլար: «Ո՞ւր էր Քահալէն, երբ իսրայէլացին Պաապտայի պալատին մէջ կը գտնուէր: Ո՞ւր էին լիբանանցիներուն փառքն ու արժանապատուութիւնը, երբ իսրայէլացիները իրենց կօշիկներով կ՛իշխէին մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ` հասնելով մինչեւ հարաւային Լիբանան: Ով որ Դիմադրութեան արժէքը չի գիտեր, պէտք է իր ազգային զգացումները վերատեսութեան ենթարկէ», ըսաւ ան:
Պէտք է աւելցնել, որ Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց «Լեպանոն 24» կայքին հրատարակած այն լուրը, թէ Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը այցելած Քահալէ եւ Պաժժանի ընտանիքին ցաւակցութիւն յայտնած:
Իր կարգին, Քահալէի քաղաքապետ Ժան Պըժժանի ցաւ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան բացակայութեան ու ապօրինի զէնքի գոյութեան պայմաններուն մէջ երկիրն ու ժողովուրդը շատ սուղ կը վճարեն, իրենց երիտասարդներուն արեամբ կը վճարեն տիրող այս կացութեան գինը:
Ժան Պըժժանի կոչ ուղղեց հանդարտեցնելու կիրքերը, որպէսզի երկիրը սադրանքներու պատճառով չսայթաքի:
Ան հաստատեց, որ Քահալէ պետականութեան եւ օրինականութեան կը զօրակցի` աւելցնելով, որ այդ շրջանը հայրենիքին արժանապատուութիւնն ու գերիշխանութիւնը կը պաշտպանէ: Ժան Պըժժանի ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է վերջ մը դնէ ապօրինի զէնքի իրականութեան: «Թող Քահալէի միջադէպը երկրին իշխանութիւններուն համար ըլլայ ուսանելի օրինակ մը, որ պետութիւնը պէտք է իր պատասխանատուութիւնները ստանձնէ, նոյնիսկ եթէ անիկա նուազագոյն չափով ըլլայ, կարենալ արգիլելու համար սադրանքներն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը թիրախ դարձնող վտանգները», շեշտեց ան:


