Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերը եւ շրջուն սադրանքները հետեւանք են իրարու հետ չհաղորդակցելու ու ազգային երկխօսութիւնը մերժելու կեցուածքներուն:
«Խորհրդակցութիւնն ու երկխօսութիւնը մերժելը կ՛ամրապնդէ վայրագութեան եւ ուժ բանեցնելու ուղղուածութիւնը, ինչպէս նաեւ կը զարգացնէ լարուածութիւնն ու անկարգապահութիւնը», ըսաւ ան:
Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ եթէ քաղաքական կայունութիւնը չամրապնդուի, ապա ապահովական կայունութիւնը պիտի կորսուի` աւելցնելով, որ քաղաքական կայունութեան ամրապնդման առաջնահերթ պայմաններէն է քաղաքական ուժերուն միջեւ հաղորդակցութիւնը, որովհետեւ երկխօսութեամբ է, որ պատասխանատուութիւն պիտի զգացուի:
Անդրադառնալով Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ երկխօսութեան` Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Քահալէի միջադէպը իր ազդեցութիւնը պիտի չունենայ այդ երկխօսութեան ռազմավարական խորքին վրայ, այլ` զայն ամրապնդելու յաւելեալ պատճառ պիտի դառնայ:
Դիմադրութիւնը թիրախաւորելու նպատակով Քահալէի զինեալ միջադէպը շահագործելու արարքներուն մասին Ապպաս Իպրահիմ ըսաւ, որ այդ արարքները պիտի մղեն, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի զօրակցող ուժերը յաւելեալ կառչածութիւն ցուցաբերեն անոր թեկնածութեան նկատմամբ` նախագահական ընտրութեան համար:
«Հըզպալլայի պատկանող փոխադրակառքի շրջելու դէպքը երեւան հանեց Դիմադրութիւնը թիրախ դարձնելու եւ զայն շրջափակելու կազմ ու պատրաստ ըլլալու վիճակը, եւ իբրեւ այդպիսին Հըզպալլա յաւելեալ յամառութեամբ կառչած պիտի մնայ այնպիսի թեկնածուի մը, որ կը փարատէ զինք հարուածելու մտահոգութիւնները», հաստատեց ան:
Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ երկխօսութիւնը սկսելէն ետք արդէն իսկ բաւական ժամանակ կ՛ուզէ արդիւնքի մը յանգելու, «սակայն երկխօսութիւնը նուազագոյնը սկսելու իմաստով արագացնելու հոլովոյթը պէտք է կատարուի, ինչ ալ ըլլան անոր արդիւնքները», հաստատեց ան:
Իպրահիմ նկատել տուաւ, որ Տիմանի մէջ Ֆրենժիէի կատարած յայտարարութիւնը ամրագրած է նախագահական ընտրութեան իր առիթները: «Այդ յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ Ֆրենժիէի իմաստութիւնը, գիտակցութիւնը, արթնութիւնը եւ դժուար պահերուն ընթացքին ազգային խորք ունեցող անձնաւորութիւն մը ըլլալու իրականութիւնը», շեշտեց ան:


