ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Քալլաս երիտասարդութեան միջազգային օրուան առիթով յայտնեց, որ իրենք կը հաւատան նորահաս սերունդներուն եւ խաղաղութիւն տարածելու համար տարբեր ժողովուրդներուն միջեւ կամուրջներ հաստատելու անոնց կարողութիւններուն:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարութիւնը յայտարարեց, որ տարբեր շրջաններու մէջ կալուածներու արձանագրութեան վարչութիւնները յառաջիկայ օրերուն պիտի վերսկսին աշխատանքի:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Քահալէի միջադէպին առումով իրենք կը սպասեն դատական իշխանութիւններուն բացած հետաքննութեան արդիւնքներուն: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց Քահալէի մէջ զոհուած քաղաքացիներու ընտանիքներուն եւ մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ նման դէպքեր չկրկնուին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը ազգային գերիշխանական հարց է` աւելցնելով, որ հայրենիքին սպառնացող մարտահրաւէրները քաղաքական բոլոր միաւորներուն եւ ուժերուն ճիգերու մէկտեղումին կարիքը ունի, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել զանոնք եւ պաշտպանել իր բազմազանութեամբ իւրայատուկ այս հայրենիքը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին միջամտելու, որպէսզի կարելի ըլլայ օրէնսդրական նիստ մը գումարել` նկատի ունենալով կրթական մարզն ու յառաջիկայ տարուան վերամուտի յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ դեղորայքի ապահովումն ու երիկամներու լուացումի ծառայութեան համար մատուցուելիք գումարներուն ապահովումը:
ԹԱՈՒՀԻՏ Հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ ուղղեց հետեւեալ կոչը. «Տէր կանգնեցէ՛ք բանակին, այլապէս կը կորսնցնէք Լիբանանը եւ կը զղջաք, երբ շատ ուշ է: Պատերազմն ու անոր արհաւիրքները փորձած ենք»:


