Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանտարկեալներու Փոխանակման Ու Իրանեան Սառեցուած Գումարներու Ապասառեցման Շուրջ Ուաշինկթըն-Թեհրան Համաձայնութիւն

August 12, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը 10 օգոստոսին գոյացուցած են համաձայնութիւն մը, որուն հիմամբ երկու կողմերը բանտարկեալներու փոխադարձ ազատ արձակում կը կատարեն, ինչպէս նաեւ Հարաւային Քորէայի մէջ իրանեան գումարներու սառեցման վերջ կը տրուի:

Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ամերիկացի բանտարկեալներ ազատ պիտի արձակուին Հարաւային Քորէայի դրամատուներուն մէջ սառեցուած 6 միլիառ տոլար իրանեան գումարներու ապասառեցման դիմաց:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ լրատու գործակալութեան շեշտած են, որ ամերիկացի բանտարկեալները ազատ պիտի չարձակուին նախքան Հարաւային Քորէայի մէջ սառեցուած Իրանի գումարները Քաթար տեղափոխելը:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ 5 ամերիկացի բանտարկեալներ ազատ պիտի արձակուին, Միացեալ Նահանգներու մէջ բանտարկուած 5 իրանցիներու դիմաց:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Թեհրան Ուաշինկթընի կողմէ ստանձնուած յանձնառութիւններու յարգման երաշխիքներ ստացած է` աւելցնելով, որ Իրան իր գումարներու ապասառեցումէն ետք զանոնք պիտի օգտագործէ ըստ իր կարիքներուն:

Իրանի նախագահի գրասենեակի քաղաքական հարցերու տնօրէն Մոհամետ Ժամշիտի իր կարգին նշեց. «Բանտարկեալները, որոնց ազատ արձակումը կը փորձէ ապահովել Ուաշինկթըն, Իրանի մէջ պիտի մնան մինչեւ բոլոր գումարներու փոխանցումը»:

ԻՐՆԱ նշեց, որ Հարաւային Քորէայի մէջ սառեցուած գումարները պիտի փոխադրուին Զուիցերիոյ մէջ դրամատուն մը, ուրկէ ալ պիտի փոխադրուին Քաթար:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն մեկնաբանելով համաձայնութիւնը յայտնեց. «Պիտի շարունակենք Իրանի դէմ մեր պատժամիջոցները կիրարկել եւ դէմ դնել շրջանին մէջ ու անկէ դուրս կայունութիւնը քայքայող անոր գործունէութեան»:

«Մենք կապի մէջ ենք Իրան գտնուող հինգ ամերիկացիներուն հետ, եւ անոնք ուրախ են զիրենք բանտէն դուրս բերելու քայլէն», ըսաւ ան` նշելով. «Իրանի մէջ ձերբակալուած հինգ ամերիկացիները բանտէն դուրս բերելով տնային կալանքի տակ դնելը դրական քայլ է»: Պլինքըն նաեւ նշեց, որ իրենք տեղեակ չեն, եթէ ազատ արձակուածներէն զատ այլ ամերիկացիներ Իրանի մէջ բանտարկուած են:

Լրտեսութեամբ ամբաստանուած ամերիկացի բանտարկեալները Իրանի «Իվին» բանտէն փոխադրուած են Թեհրանի մէջ գտնուող պանդոկ մը:

 

Նախորդը

Էքօուաս Նիկերի Մէջ Դիւանագիտական Լուծումը Կ՛ընտրէ, Սակայն «Ընտրանքները Բաց» Կը Պահէ

Յաջորդը

Պայտըն Չինաստանը «Լարուած Ռումբ» Կը Կոչէ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.