Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ հիւրը եղաւ նորվեկիական Պոտօ Կլիմթի, կրեց 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Նորվեկիոյ ֆութպոլի ախոյեանը իր առաջին կոլը նշանակեց 6-րդ վայրկեանին, ապա` 31-րդ եւ 56-րդ վայրկեաններուն:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 17 օգոստոսին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ:


