Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող իտալացի միջնապահ Մարքօ Վերաթթի շատ հաւանական է, որ միանայ լոնտոնեան Չելսիին, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Լոնտոնեան ակումբը բաւական մօտէն հետաքրքրուած է 30 տարեկան ֆութպոլիստով` զօրացնելու համար իր կեդրոնական գիծը:
Նախապէս կը նշուէր, որ Վերաթթիով հետաքրքրուած են նաեւ Պարսելոնա եւ Պայէրն Միւնիխ:
Մարքօ Վերաթթի, որ 2012-ին միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենին, մինչեւ 2026 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մայրաքաղաքի կազմին հետ:


