Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Իշխանեան. «Համահայկական Դաշտին Մէջ Մենք Ունինք Առաքելութիւն. Եռամիասնութեան Շնորհիւ Է, Որ Մենք Կրնանք Արձանագրել Յաջողութիւն»

August 11, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ես չեմ կարծեր, որ մէկ ընտրութեամբ կարելի է դատել, թէ ո՛վ է ընդդիմութիւն, ո՛վ է իշխանութիւն, բայց սա հարցերու հարցը չէ», Արցախի հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը` պատասխանելով այն հարցումին, որ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած ընտրութիւնը արդեօք կը փաստէ՞, որ Արցախի Ազգային ժողովին մէջ ընդդիմադիր է միայն «Միասնական հայրենիք»-ը:

«Ընդհանրապէս մենք դասական իրավիճակի մէջ չենք գտնուիր եւ պէտք է զերծ մնանք դասական այն գնահատականներէն ու մեկնաբանութիւններէն, նաեւ այն պատկերացումներէն, որոնք կ՛ըլլան դասական իրավիճակի մէջ: Իսկ Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութիւնը պարզապէս քաղաքական դիրքորոշում էր, որ ցոյց տուաւ «Միասնական հայրենիք»-ը, միւս խմբակցութիւններն ալ բնականաբար իրենց տեսակէտները ունէին, եւ ատով արտացոլացին մեր քաղաքական կուսակցութիւններուն ընդհանուր պատկերացումները` ապագային միտուած», ըսաւ ան:

Իշխանեան նշեց, որ իրավիճակը արտակարգ է, եւ իր թեկնածութիւնն ալ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը առաջադրած է. «Ինծի համար շատ ծանր էր, երբ նախագահին կողմէ առաջադրուեցաւ իմ թեկնածութիւնս, բայց ատոր նախորդած են խորհրդատուութիւններ` խորհրդարանին մէջ ներգրաւուած քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն մակարդակով, պատգամաւորական խմբակցութիւններու հետ, եւ երկուստեք` նախագահի առաջարկն ու Արցախի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի միացեալ որոշումը արտօնելու Դաւիթ Իշխանեանին, աւարտեցաւ խորհրդարանի նախագահի ընտրութեամբ»:

Դաւիթ Իշխանեանի համոզումով Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութեան նպատակը նաեւ ընդհանուր համախմբման միտումն էր` ներքին դաշտին եւ արտաքին դաշտին մէջ` համահայկական առումով:

«Մեզի համար ներքին կայունութիւնը շատ կարեւոր եւ անհրաժեշտ էր, եւ ատոր մէջ մենք ունինք մեր դերակատարութիւնը», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն Ողջունած Է Դաւիթ Իշխանեանի Ընտրութիւնը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (11 Օգոստոս 2023)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.