Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նիստին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Միշել Մուսա, Հատի Ապուլ Հասան, Ալեն Աուն եւ Ապտել Քերիմ Քապպարա, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր:
Նիստէն ետք Պու Սաապ նշեց, որ դիւանը քննարկեց այն օրինագիծերն ու առաջարկները, որոնք պէտք է խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումար նիստին ընթացքին քննարկուին:
Պու Սաապ նկատել տուաւ, որ Պըրրի յանձնառու է, որ խորհրդարանը օրէնսդրական իր պարտականութիւնը կատարէ` նուազագոյնը քննարկելով եւ վաւերացնելով անհրաժեշտ օրինագիծերը, հակառակ այն իրողութեան, որ երեսփոխանական պլոքներուն կողմէ կան մեծ թիւով օրինագիծեր, որոնք պէտք է քննարկուին եւ սերտուին:
Պու Սաապ նկատել տուաւ, որ գերիշխանական սնտուկի ստեղծումը անհրաժեշտ է, որ վաւերացուի, նախքան նաւթի ու բնական կազի պեղման յատուկ նաւերուն լիբանանեան ջուրեր ժամանումը:
Ան աւելցուց նաեւ, որ կան շարք մը այլ օրինագիծեր, որոնց շարքին են քեփիթըլ քոնթրոլի յատուկ օրինագիծը, որուն առնչութեամբ կարելիութիւն պիտի ստեղծուի լսել նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնը ստանձնած փոխկառավարիչներուն տեսակէտները:
Պու Սաապ ըսաւ, որ այս օրինագիծին առնչութեամբ Պըրրի Ատնան Տահերէն պահանջած է կապուիլ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչներուն հետ եւ իմանալ այդ օրինագիծին մասին անոնց դիտողութիւնները կամ նոր տուեալները, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք եւս նկատի ունենալ օրէնքը վաւերացնելու ընթացքին:
Պու Սաապ նկատել տուաւ նաեւ, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին առումով կայ Եւրոպական խորհրդարանի որոշումը, որ պարտադրուած է Լիբանանի վրայ եւ որ Լիբանանի անունով տրուած է: «Այդ մասին մեր կեցուածքը ի՞նչ է: Եւրոպական խորհրդարանը ի՞նչ իրաւունքով եւ արդարութեան ի՞նչ չափանիշներով նման որոշում կրնայ տալ: Բնական է, որ ոչ ոք մեզի կրնայ նման որոշում պարտադրել, եւ մենք իբրեւ խորհրդարան ի՞նչ կեցուածք կը ներկայացնենք եւ ի՞նչպէս կը պատասխանենք այդ որոշումին», հարց տուաւ ան:
Պու Սաապ ընդգծեց, որ խորհրդարանի դիւանին քննարկած կէտերը այս բոլորն են` աւելցնելով, որ Պըրրիի հարց տուած են երկրին վկայած ապահովական վտանգաւոր իրադարձութիւններուն մասին:
Պու Սաապ հաստատեց, որ ապահովական այդ իրադարձութիւնները խիստ մերժելի են եւ դատապարտելի` զգուշացնելով, որ անոնք կրնան երկիրը առաջնորդել դէպի վայր մը, ուր ոչ ոք կը փափաքի ըլլալ:
Ան աւելցուց, որ խորհրդարանի նախագահը զիրենք տեղեակ պահած է այն խորհրդակցութիւններուն եւ հաղորդակցութիւններուն մասին, որոնք ունեցած է` ապահովական իրադարձութիւններու շրջագիծին մէջ:
Պու Սաապ յայտնեց, որ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրած է օրէնսդրական նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 17 օգոստոս 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին օրակարգի վրայ գտնուող շարք մը օրինագիծեր եւ առաջարկներ:


