Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Սկսաւ Ներկայացնել Մարսել Փանիոլի «Փառքի Վաշխառուները» Թատերախաղը

March 24, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը 70 տարեկան է: Սփիւռքի դժուար պայմաններուն մէջ, երբ հայու հարազատ դիմագիծը պահելը, հայապահպանումը դարձած են հոսանքն ի վեր թիավարող աշխատանք, Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը կը շարունակէ իր երթը` հայ հանդիսատեսին ներկայացնելով հայ թատրոնը, որ հայ մշակոյթի կարեւոր մարզերէն մէկն է:

Ուրբաթ, 23 մարտ 2012-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ սկսաւ ներկայացուիլ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի «Փառքի վաշխառուները» թատերախաղը (հեղինակ` Մարսել Փանիոլ), բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի:

Մարսել Փանիոլի այս թատերախաղը թէեւ գրուած է աւելի քան կէս դար առաջ, սակայն անոր արծարծած նիւթը կը մնայ այժմէական: Ճիշդ է, ժամանակը փոխուած է, սակայն մեր կեանքին մէջ շատ են փառքի վաշխառուները, որոնք ամէն ինչ զոհելու պատրաստ են, նոյնիսկ արժանապատուութիւնը, ի գին անձնական շահերու եւ բարձր դիրքերու: Անոնք այդ բոլորը կ՛ընեն յանուն հայրենիքի, յանուն ազատութեան կամ այդ ժամանակի յարմար կարգախօսի մը:

«Գ. Իփէկեան» թատերախումբի դերասանները լաւապէս կրցած էին մարմնաւորել այդ կերպարները` հարազատ պատկերը տալով թատերգութեան եւ անոր հեղինակին պատգամին:

«Գ. Իփէկեան» թատերախումբը այս թատերախաղով կու գայ նոր էջ մը աւելցնելու թատերախումբի 70-ամեայ գործունէութեան վրայ: Այս մէկը կու գայ նաեւ ապացուցելու, որ Համազգայինը կը մնայ նախանձախնդիր իր առաքելութեան` տարածելու եւ պահպանելու հայ մշակոյթը:

Այս թատերախաղին մէջ դեր ստանձնած են երիտասարդ թէ փորձառու դերասաններ Գէորգ Նալպանտեան` Պաշիլի դերով, Թինա Թաշճեան` Պաշիլի կինը, Նարեկ Առաքելեան` մաքս Պաշիլի, Յաւերժ Շխըրտմեան Աննայի, Բալիկ Լատոյեան` Ռիթայի, Յովհաննէս Հելվաճեան` Կրանտի, Հրակ Տեմիրճեան` Պերլոյի, Վարդան Ազնաւորեան` Ռիշապի, Ժան Պեքերեճեան` կոմսի, իսկ Պօղոս Մալեան` պաշտօնեային:

«Փառքի վաշխառուները» թատերախաղը կը ներկայացուի 24, 25, 30 (կալա), 31 մարտ եւ 1 ապրիլ 2012-ին, ցերեկոյթ 1 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Նախորդը

Մանկապատանեկան Գիրքերու Եւ Դաստիարակչական Խաղերու Ցուցահանդէս – Վաճառքի Բացման Հանդիսութիւն

Յաջորդը

Անան Մոսկուա Եւ Փեքին Պիտի Այցելէ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։