Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարգիս Զէյթլեան Հայութեան Եւ Հայ Դատին Ծառայեց Նոյնիսկ Իր Կեանքին Գնով*

August 10, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Գոյութիւն ունի դաշնակցական աւանդութիւն մը` կուսակցական հասարակական կամ մարտական գործիչներուն վերաբերող: Կենդանութեան, որքան ալ մեծ ըլլայ վաստակը, չենք խօսիր կուսակցական մարդուն արժանիքներուն մասին, մանաւանդ չենք գովաբաներ անոր կատարածը: Բարոյական եւ գործնական մեծ իմաստ կայ պահուած այս վերաբերումին տակ: Դաշնակցականը կամաւոր զինուոր է, որ երդումով յանձն առած է «բոլոր միջոցներով» ծառայելու իր ազգին եւ հայրենիքին: Երբ ան իր հնարաւորութիւններուն առաւելագոյնը կու տայ, իր երդումին հաւատարիմ եղած կ՛ըլլայ, հանդիսաւորապէս տուած խոստումը յարգած կ՛ըլլայ: Կրնայ պատահիլ, որ մարդկային տկարութիւնները, կողմնակցական անխուսափելի պայքարները կրնան ծայրայեղութիւններու պատճառ դառնալ, արժանաւորը մոռնալ, նուազ արժանաւորը գնահատել: Չենք խօսիր դաշնակցականին մասին, երբ ան գործի վրայ է, ու` վերջ:

Մահը կը բանայ լեզուները: Ընթացիկ բարոյականութիւնը կ՛արգիլէ մահացողին թերութիւններուն մասին խօսիլ, միայն բարեմասնութիւններն ու վաստակը կ՛արժեւորուին, եւ եթէ արժանիքները շատ են ու վաստակը բազմազան, ահա` գովաբանութեան ի՜նչ սքանչելի առիթ:

Սարգիս Զէյթլեան այս պատուին չարժանացաւ: Առեւանգուելով 38 տարի առաջ, 28 մարտ 1985-ին, ան վերածուեցաւ հետազօտման պարագայի մը, որուն մասին խօսիլը եւ լռելը կրնան ազդել անոր ճակատագրին վրայ: Մօտ մէկուկէս տարուան վերիվայրումներէ, հարցաքննութիւններու հրապարակումներէ եւ անուանարկումի տգեղ փորձերէ ետք, «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն-Յեղափոխական շարժում» անգոյ կազմակերպութեան անունով կարճ հաղորդագրութիւն մը 23 հոկտեմբեր 1986-ին հանրութեան հաղորդեց, որ Սարգիս Զէյթլեան «մահապատիժի» ենթարկուած է: Մահուան ստոյգ թուականը անծանօթ կը մնայ: Անծանօթ կը մնայ նաեւ թաղման վայրը. Սարգիս Զէյթլեան միացաւ անշիրիմ հերոսներու փաղանգին:

Ո՞վ գործեց ոճիրը, ո՞վ ծրագրեց զայն:

Լիբանանի մէջ այն օրերուն վխտացող գաղտնի սպասարկութիւննե՞րը. թրքակա՞ն սպասարկութիւնները, խորհրդայիննե՞րը, թէ՞ ուրիշներ: Ի՞նչ դեր խաղացին լիբանանեան կողմեր, որոնք իրենց հնարաւորութիւնները ի սպաս դրին արտաքին ուժերու եւ իրենց հայրենիքին քանդումին զուգահեռ` յաճախ մութ ու անխոստովանելի արարքներու մասնակից եղան:

Որքան հիմնական եղաւ դերը «Գաղտնի բանակ» կոչուած համախմբումին` իբր թէ Հայաստանի ազատագրութեան նուիրուած, սակայն` Հայաստանի ազատագրութենէն եւ հայութեան նպատակներուն ծառայութենէն հեռու, օտար եւ խորթ նպատակներու ծառայութեան լծուած այդ խմբաւորման, որ ատեն մը խռովեց մեր կեանքը եւ իր ներքին գալարումներով մեծամեծ վնասներ հասցուց այն նպատակին, որուն ենթադրաբար ծառայելու կոչուած էր:

Նահատակութիւնը դաշնակցականին ճակատագրին մաս կը կազմէ, եւ նահատակներու թափած արիւնն է, որ ճշմարիտ կը դարձնէ դաշնակցականի երդումին «իսկ եթէ հարկ ըլլայ նաեւ կեանքիս գնովը»: Սարգիս Զէյթլեան ծառայեց Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին իր բոլոր միջոցներով, նոյնիսկ` կեանքին գնով:

Զանց կ՛ընեմ Սարգիս Զէյթլեանի կենսագրութեան յաջորդական հանգրուանները: Այդ կենսագրութեան մէջ մտաւորականն ու հրապարակագիրը մասամբ կը ծածկեն կազմակերպական ազդու եւ ներգործօն աշխատանք տանող կուսակցական ղեկավարը, որուն ներկայութիւնը տիրական եղաւ, առնուազն` քսանամեակ մը, թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ ընդհանրապէս կուսակցական հարթակին վրայ:

Քանի մը հիմնական ուղղութիւններ կը յատկանշեն այդ գործունէութիւնը.

– Հայ կեանքի մաքրագործում` շահագործող ցեցերէ ու այլ վնասակար տարրերէ,

– Դաշնակցական շարքերու բիւրեղացում,

– Երիտասարդութեան կազմակերպում,

– Դրական չէզոքութեան քաղաքականութեան ամրագրում,

– Գաղափարական բիւրեղացման գծով աշխատանք` ՀՅԴ ծրագրի վերանայման ընդմէջէն,

– ՀՅ Դաշնակցութեան անկախ քաղաքականութեան, անոր հայկական արեւելումին անշեղ հաւատարմութիւն:

Ի՞նչ է հայկական արեւելումը, որ Սարգիս Զէյթլեանի հրապարակագրութեան թէ գործնական աշխատանքին առանցքը հանդիսացաւ: Պարզապէս թուենք գլխաւոր ուղղութիւնները,

– Հայ ազատագրական պայքարի գաղափարախօսութիւն` անկախութեան պահանջով, ապազգային գաղափարներու մերժումով եւ Դաշնակցութեան ստեղծած աւանդի պաշտպանութեամբ,

– Հայաստանի ժողովուրդին ազգային դիմագիծին պահպանման պահանջ,

– Ներքին ճակատի հզօրացում, միասնականութիւն, ուժերու համադրում, տեղայնութեան մերժում, հայեցի կրթութիւն եւ այլն,

– Հայ դատի պայքար, Ցեղասպանութեան ճանաչման հարց, Սեւրի դաշնագրի արժեւորում, թրքական հակահայ արշաւի դիմագրաւում,

– Բոլոր տեսակի պահանջներու ստորադասութիւն` ազգային պահանջատիրութեան դիմաց:

Սարգիս Զէյթլեան մարդը, դաշնակցականը, գաղափարի մարտիկը եւ պայքարողը, յանձնառու մտաւորականը վտանգաւոր համարուեցաւ Հայ դատի հետապնդման հակադրուած ուժերու կողմէ: Հակադաշնակցական պայքարի լծուած ուժերը, ուրիշներու կարգին, որոշեցին զայն եւս վերացնել` կարծելով, որ կը խափանեն Դաշնակցութեան երթը: Մեզի կը մնայ կրկնել 1992-ին ՀՅ Դաշնակցութեան 25-րդ Ընդհանուր ժողովի բանաձեւը.

«Սարգիս Զէյթլեանը էր եւ կը մնայ մեր արժանաւոր ընկերը, որ նահատակուած է ՀՅ Դաշնակցութեան վարած պայքարի պատնէշին վրայ` հակադաշնակցական մութ ուժերու ձեռքով (իր ընկերակից Կարօ Գոլանճեանի հետ միասին)` առեւանգուելով եւ տմարդի կերպով ահաբեկման ենթարկուելով: Պայքարողի խրոխտ կեցուածքով, դաշնակցականի գաղափարական սքանչելի տիպարով եւ դաշնակցական մտքի դրօշակիրի փայլուն դիմագիծով, ինչպէս նաեւ իր գործով եւ օրինակով Սարգիս Զէյթլեան այլեւս մաս կը կազմէ դաշնակցական անմահ նահատակներու փաղանգին»:

* Խօսք` արտասանուած 3 օգոստոս 2023-ին, Այնճարի մէջ` Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի բացման հանդիսութեան:

Նախորդը

Սլաք. «Ճամբէքդ Ինչո՞ւ Են Փակուած, Արցա՜խ»

Յաջորդը

Սարգիս Զէյթլեան Իր Տարած Սուրբ Պայքարին Ընթացքին Իբրեւ Միակ Աւետարան Գործածեց ՀՅԴ-ի Կանոնագիրը Եւ Յաղթանակեց*

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.