Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 9, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 4000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 4000 լ. ոսկիով, մազութը` 26.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 25.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են. 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.745.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.783.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.563.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 868.000 լ. ոսկի:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «Օժերօ»-ի կողմէ պահանջուած 846 միլիառ 450 միլիոնի գումարը Կեդրոնական դրամատուն փոխանցած է իբրեւ ամսական աշխատավարձ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի շեշտեց, որ ինք կը հասկնայ արաբ եղբայրներուն մտահոգութիւնները` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը ցնցումի ենթարկելու տուեալներ չկան: Ան նշեց նաեւ, որ Այն Հելուէ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ արձանագրուած զինեալ բախումները վերջ գտած են: Մաուլաուի շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովութիւնը Կարմիր գիծ է եւ ոչ ոքի պիտի թոյլատրուի շրջանցել այդ կացութիւնը:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար յայտնեց, որ հակառակ տիրող հարցերուն, Լիբանանի մէջ կայ ապահովական կայունութիւն` աւելցնելով, որ ապահովական որեւէ միջադէպ հակակշիռի տակ կը գտնուի: Նասսար ընդգծեց նաեւ, որ ապահովութիւնը ինքզինք պարտադրած է, իսկ երկիրն ու զբօսաշրջական եղանակը լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց մարդասիրական հարցերու ՄԱԿ-ի յանձնակատար Օմրան Ռիզան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ մարդասիրական եւ բարգաւաճման շարք մը ծրագիրներ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշի լաւատեսութիւն յայտնեց, որ սեպտեմբերը կրնայ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան առումով աւետիս մը բերել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ ազգային փոխըմբռնումն ու համաձայնութիւնը փոխադարձ շահերը հետապնդող երկխօսութիւններ չեն: Ան շեշտեց, որ առանց տնտեսութեան դրամ չկայ, իսկ առանց քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան տնտեսութիւն չկայ: Տահեր ընդգծեց նաեւ, որ քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան կարելի է յանգիլ ազգային փոխըմբռնում գոյացնելով եւ սահմանադրութեան նկատմամբ յարգանք պարտադրելով:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ անբաւարար է դատապարտել Մաժտելի մէջ քաղաքացի մը առեւանգելու փորձը` աւելցնելով, որ պէտք է բացայայտել յանցագործները եւ պատժել զանոնք:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուուաթ շեշտեց, որ Ժիպէյլի բարձունքներուն վրայ արձանագրուած ապահովական խախտումները խիստ մերժելի են: Ան կոչ ուղղեց բանակի հրամանատարութեան եւ գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնութեան անցարգել մը զետեղելու այդ շրջանին մէջ եւ ապահովութիւն պարտադրելու:

ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆի յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը ամէնէն վտանգաւոր թղթածրարներէն է, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Կը Պաշտպանէ Վրաստանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը

Յաջորդը

Ֆատի Ալամէ Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Խաղաղապահ Առաքելութիւնը Երկարաձգելու Մանրամասնութիւնները

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.