25 յուլիսին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպումին ընթացքին ռուսական կողմը լուծումներ առաջարկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած ծայրայեղ ծանր կացութեան ուղղութեամբ: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու 4-րդ բաժանմունքի տնօրէն Տենիս Կոնչարը:
«Առանց զգայուն մանրամասնութիւններ բացայայտելու` կրնամ ըսել, որ մեր կողմէ առաջարկուած են փոխզիջումնային լուծումներ` լարուածութիւնը մեղմացնելու համար, եւ կողմերը այդ լուծումները ընդունած են «տնային մշակման» համար», ըսած է ռուս դիւանագէտը` չյստակացնելով ռուսական կողմի առաջարկներու բովանդակութիւնը:
Կոնչար փոխարէնը յոյս յայտնած է, որ «մարդասիրական նկատառումները, հասարակ մարդոց նկատմամբ հոգատարութիւնը աւելի վեր պիտի ըլլան, քան Պաքուի եւ Երեւանի քաղաքական տարակարծութիւնները»:
Խօսելով կողմերուն միջեւ տարակարծութիւններու մասին ռուս դիւանագէտը կարծիք յայտնած է, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը «տակաւին պէտք է լուծումներ գտնեն շարք մը բարդ նիւթերու շուրջ»:
«Շուտափոյթ խաղաղութեան հասնելու յանձնառութեան մասին Պաքուէն եւ Երեւանէն եկող ազդակները չեն նշանակեր, որ կողմերը պատրաստ են համաձայնելու որեւէ պայմանի: Մենք տակաւին պէտք է լուծումներ գտնենք շարք մը բարդ նիւթերու շուրջ», ըսած է ան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ խնդիրներ կը խանգարեն այս երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան հաստատման:
«Անոնցմէ կարեւորագոյնը Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու եւ ընդհանուր ճանչցուած իրաւունքներու պահպանման խնդիրն է` Ազրպէյճանի իրաւական դաշտի ծիրին մէջ», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարը:
«Համապատասխան տրամաբանութեան կողմերը որոշած են 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրի գործելիութեան փոխադարձ հաստատումէն ետք: Կը պահանջուի նաեւ համաձայնագիրի իրականացման միջազգային աջակցութեան մեքանիզմ, որ կասկածի տակ պիտի չդնէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնն ու քաղաքական անկախութիւնը», աւելցուցած է Կոնչար:
Ան ընդգծած է, որ Ռուսիան խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստման հարցին մէջ եռանդուն կերպով կ՛օգնէ կողմերուն:
«Հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստումը Ռուսիոյ նախագահի, Ազրպէյճանի նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի եռակողմ համաձայնութիւններու տարրերէն մէկն է: Ռուսական կողմը եռանդով կ՛աջակցի Պաքուին եւ Երեւանին այս փաստաթուղթի պատրաստութեան գործին մէջ` օգտագործելով քաղաքական եւ դիւանագիտական ուղիները բոլոր մակարդակներուն վրայ. ամէն տարի կը կատարուին եռակողմ վեհաժողովներ, պարբերաբար կը հանդիպին արտաքին գործոց նախարարները», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու չորրորդ բաժանմունքի տնօրէնը:
Կոնչար յիշեցուցած է, որ բացի ատկէ, 2022 թուականի ապրիլին նշանակուած է եւ աշխուժօրէն կը գործէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստող յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւ:
«Արեւմտեան շարք մը մայրաքաղաքներէն պարբերաբար յայտարարութիւններ կը հնչեն, որ Պաքուն եւ Երեւանը պիտի կարենան խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել գրեթէ «յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն ընթացքին»: Մենք կը մեկնինք անկէ, որ ստորագրութեան ժամկէտները պէտք է որոշեն իրենք` կողմերը: Պատասխանատու միջնորդներու խնդիրը ոչ թէ յանուն պատեհապաշտ նկատառումներու բանակցային հոլովոյթը արագացնելն է, այլ` տեւական երկարաժամկէտ համաձայնութիւններու ձեռքբերման աջակցիլը: Անոնք պէտք է հիմնուած ըլլան «այդտեղ» ստեղծուած իրողութիւններուն վրայ, նախ եւ առաջ` բարձրագոյն մակարդակով ռուս-հայ-ազրպէյճանական յայտարարութիւններու եւ անոնց հիման վրայ գործող մեքանիզմներու վրայ:
«Հապճէպ պատրաստուած, «հում» խաղաղութեան համաձայնագիրը շրջանին կայուն խաղաղութիւն պիտի չբերէ: Ընդհակառակն` ատիկա ապագային նոր տագնապներու եւ ողբերգութիւններու նախադրեալներ պիտի ստեղծէ: Առաջնահերթութիւնը պէտք է տրուի ոչ թէ արագութեան, այլ հաւասարակշռուած եւ փոխադարձաբար ընդունելի լուծումներու որակեալ պատրաստման», ըսած է Կոնչար:
Դիւանագէտը նշած է, որ այսօր Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ «սերտ արտաքին քաղաքական համակարգում» հաստատուած է ՀԱՊԿ-ի, ԵԱՏՄ-ի եւ ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ տարբեր միջազգային հարթակներու վրայ, նախ եւ առաջ ՄԱԿ-ի մէջ:
«Եթէ խօսինք Երեւանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ որոշ բացասական կողմերու մասին, ապա անոնք նախ եւ առաջ պայմանաւորուած են ռուս-հայկական գործընկերութեան վնասելու արեւմտեան երկիրներու շարունակուող փորձերով: Կը կիրարկուին որեւէ, ներառեալ բացարձակ կեղտոտ մեթոտներ` պատժամիջոցային շանթաժ, անբարեխիղճ մրցակցութիւն, անձեւ խոստումներ, որոնց մէջ, ինչպէս հայկական ասացուածքը կ՛ըսէ, «խորովածէն աւելի շատ ծուխն է», ընդգծած է Կոնչար:
Ան նշած է, որ բոլորը «բազմիցս օրինակներու միջոցով տեսած են աշխարհի տարբեր մասերու մէջ, ներառեալ յետխորհրդային տարածքը, թէ ինչ հետեւանքներու կը բերէ արեւմտեան բարեկամութիւնը»:
«Մենք յոյս ունինք, որ մեր հայ ընկերները իմաստուն պիտի գտնուին: Մենք մեր կողմէ հաստատակամ ենք, ինչպէս նախապէս, բոլոր խնդրայարոյց հարցերը լուծելու դաշնակցային եղանակով` ուղղակի եւ անկեղծ երկխօսութեան ծիրին մէջ», եզրափակած է դիւանագէտը:


