Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ: Զրոյցը տեղի ունեցած է ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Պլինքըն եւ Ֆիտան այլ նիւթերու կողքին քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները եւ, մասնաւորաբար, անդրադարձած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին:
Անոնք նաեւ քննարկած են սեւծովեան հացահատիկի գործարքի վերսկսումը, Սեւ ծովուն մէջ անվտանգութիւնը եւ ՕԹԱՆ-ի ընդարձակման հեռանկարը:


